Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, նախագահի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիս Նիւ Եորքի մէջ ընտրական հաւաքի մը ընթացքին զգուշացուց, որ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «բացարձակ իշխանութեան» կը ձգտի:
«Ամերիկա՛, ասիկա նախագահական թեկնածու մը չէ, որ մտածէ ձեր կեանքը ինչպէ՛ս բարելաւել: Ասիկա անհաւասարակշիռ անձ մըն է, վրէժխնդրութեամբ տարուած եւ անիրաւուածութեան զգացումով տարուած անձ մըն է, եւ բացարձակ իշխանութեան կը ձգտի», յայտնեց Հարիս:
Հարիսի հաւաքը տեղի ունեցած է այն վայրին մօտ, ուր 6 յունուար 2021-ին Քափիթոլի շէնքին վրայ կատարուած յարձակումէն առաջ տեղի ունեցած էր Թրամփի հաւաքը:
Հարիսի հանրահաւաքէն առաջ տեղի ունեցած է Թրամփի հանրահաւաքը, ուր կատակերգակ դերասան մը իր խօսքին մէջ Փորթօ Ռիքոն կոչած է «ծփացող աղբերու կղզի»: Թրամփ, աւելի ուշ Մար-ա-Լակոյէն խօսք արտասանելով, հերքած է քննադատութիւնները` գովաբանելով հանրահաւաքը եւ զայն կոչելով «բացարձակ սիրոյ տօն»:


