Եւրոպական Միութիւնը ընդունած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 19-րդ թղթածրարը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս:
Անոր համաձայն, սահմանափակումները պիտի վերաբերին ռուսական դրամատուներուն, քողածածկ դրամանիշերու փոխանակման սակարաններուն եւ Հնդկաստանի ու Չինաստանի կազմակերպութիւններուն:
Եւրոպական Միութիւնը նաեւ պիտի սահմանափակէ ռուս դիւանագէտներու տեղաշարժը` անկայունացման փորձերուն հակազդելու համար:
«Ռոյթըրզ»-ի հաղորդումով, պատժամիջոցները կը թիրախաւորեն 45 կազմակերպութիւններ, որոնք Ռուսիոյ օգնած են խուսափելու պատժամիջոցներէն: Անոնց շարքին են Չինաստանի եւ Հոնկ Քոնկի մէջ 12 ընկերութիւններ: Պիտի արգիլուի օգտագործուող ռուսական նաւերու եւ օդանաւերու վերաապահովագրութիւնը: Աւելի՛ն, պիտի սահմանուի արգելք հինգ ռուսական դրամատուներու հետ գործարքներու վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի ընդլայնուի Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի մէջ ռուսական ելեկտրոնային վճարային համակարգերու եւ երրորդ երկիրներու դրամատուներու հետ գործարքներու արգելքը:
Լրատու գործակալութեան տուեալներով` թղթածրարը կը ներառէ հեղուկացուած բնական կազի ներածման արգելք 2027 թուականէն սկսեալ եւ պատժամիջոցներ «ստուերային նաւատորմիղ»-ի յաւելեալ 117 նաւերու դէմ: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ պիտի խստացնէ գործարքներու արգելքը` ռուսական երկու մեծ քարիւղի ընկերութիւններու հետ, որոնց անունները չեն հրապարակուած:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատած են ԼՈՒՔՕՅԼ եւ «Ռոսնեֆթ» քարիւղի ընկերութիւններուն դէմ:


