Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու կարեւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Անոնք քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու կարեւորութիւնը` փոխադարձ կապերու ընդլայնումով, ինչ որ օգուտ պիտի բերէ ամբողջ շրջանին», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ կողմերը քննարկած են Կազայի եւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:


