Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները շուտով պիտի հանդիպին` գնահատելու Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերագործարկման պայմանները: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է հայ-թրքական կարգաւորման հարցով Հայաստանի բանագնաց, խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան: Ըստ անոր, սակայն, տակաւին հանդիպումի օր չէ նշանակուած:
«Ինչպէս նախապէս ըրած ենք, օրինակ, Մարգարայի կամուրջին վերաբերեալ միացեալ հետազօտութիւն, շուտով նման հետազօտութեան համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու միջգերատեսչական հանդիպում պիտի ըլլայ, որպէսզի այս համաձայնութիւնը իրագործենք, նկատի ունիմ` գնահատելու համար պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերագործարկման համար», ըսաւ ան:
Թէեւ աւելի քան երկու տարի առաջ ձեռք բերուած մէկ այլ համաձայնութիւն` երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանի բացումը, տակաւին կեանքի չէ կոչուած, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան լաւատեսութեան եւ նոր ձեռքբերումներու մասին կը խօսէր: «Ես զգուշաւոր լաւատեսութիւն պիտի յայտնեմ, թերեւս այս անգամ քիչ մը աւելի նուազ զգուշաւոր եւ քիչ մը աւելի հաստատ լաւատեսութիւն: Մեր խօսակցութիւնը բաւական դրական կշռոյթով կը զարգանայ, բովանդակութիւն ունի, եւ յոյսս այն է, որ շատ մօտիկ ապագային մենք պիտի տեսնենք նոր, յետոյ եւս նոր շօշափելի ձեռքբերումներ»:
Նախարար Միրզոյեանի լաւատեսութիւնը ինչո՞վ պայմանաւորուած է. Ռուբէն Ռուբինեանը, որ անցեալ ամիս յայտարարած էր` Երեւանը յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Անգարայէն քաղաքական կամք կ՛ակնկալէ, երէկ ընդհանուր խօսեցաւ: Ըսաւ` քննարկումները կը նպաստեն, որ կողմերը իրարու դիրքորոշումները աւելի լաւ ընկալեն: Իսկ եթէ քաղաքական կամք չկայ, ձեռք բերուած համաձայնութիւններն ալ կեանքի չեն կոչուած, այդ պարագային ի՞նչ ակնկալիքներ կան նոր ծրագիրներէն:
«Մենք ակնկալիքներ ունինք, որ մեր բոլոր ձեռք բերած համաձայնութիւնները պիտի իրագործուին, եւ ընդհանուր առմամբ մենք ակնկալիք ունինք, որ կարգաւորման հոլովոյթը պիտի աւարտի դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումով եւ սահմաններու բացումով: Մենք պատրաստ ենք ատիկա վաղն իսկ ընելու», պատասխանեց Ռուբինեան:


