24 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում ունեցած են Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ ՊՐԻՔՍ-ի 16-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն յայտնած են, որ կողմերը քննարկած են երկկողմանի խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման վերաբերող հարցեր, ներառեալ խաղաղութեան համաձայնագիրը, սահմաններու սահմանազատումը, սահմանագծումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուած է շարունակել «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրի շուրջ երկկողմանի բանակցութիւնները` կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտի մէջ զայն վերջնականացնելու եւ կնքելու նպատակով:
Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները երէկ ստորագրեցին սահմանազատման յանձնախումբերու կանոնակարգը:


