Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա 1. Վաղը` Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

October 19, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեք շաբաթ դադարէ ետք, Ֆորմիւլա 1-ի մրցումները կը շարունակուին այս շաբաթավերջին Օսթինի (Թեքսաս) մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ տարուան 19-րդ կրան փրին:

Օսթինի վերջին 5 կրան փրիներուն միայն երկու անգամ փոլ փոզիշընի վրայ գտնուող վարորդը շահած է մրցումը Վալթերի Պոթասի (2019) եւ Մաքս Վերշթափընի (2021) հետ:

Աշխարհի ախոյեան Վերշթափըն շահած է վերջին երեք կրան փրիները Օսթինի մէջ (2021-2022-2023) սակայն այս տարի աւելի, դժուար կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ Ռետ Պուլ բուռն պայքար կը մղէ Մաքլարենի հետ, որ վերջին կրան փրիներուն շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ 41 կէտով հեռացած է Ռետ Պուլէն: Աւելի՛ն, ֆեռարի կը մօտենայ Ռետ Պուլի, որ այժմ միայն 34 կէտի առաւելութիւն ունի իտալական ընկերութեան ինքնաշարժին վրայ:

Ըստ մասնագէտներու, Լանտօ Նորիս չնչին առաւելութիւն ունի իր խմբակից Օսքար Փիասթրիի վրայ: Շարլ Լըքլեր թեկնածու է գրաւելու 3-րդ դիրքը` իր ետին ձգելով ախոյեան Վերշթափընը 4-րդ դիրքին վրայ, քայլ մը առաջ` ֆեռարիի Քարլոս Սայնցէն:

Անշուշտ թուղթի վրայ հաշիւները բնաւ նման չեն շրջավազքի վրայ եղած պայքարին առաւել` խումբերու որդեգրած ռազմավարութիւնը կրնայ վճռական ըլլալ, թէ ե՛րբ անիւը փոխել կամ ի՛նչ տեսակի անիւ գործածել: Ինչպէս գիտենք, սի-2 կարծր ճերմակ անիւը կայ, որ շատ կը դիմանայ, բայց նոյնքան արագ չէ, որքան սի-3 եւ սի-2-ն, Սի-3-ը միջակ դեղին անիւն է, որ ամէնէն գործածական անիւն է, որ համեմատաբար աւելի կը դիմանայ, քան սի-3-ը, բայց սի-3-ը, որ կարմիր եւ կակուղ անիւն է, ամէնէն կակուղն է եւ արագը, բայց շուտ կը մաշի:

Խումբերը իրենք կ՛որոշեն, թէ 56 շրջաններու ընթացքին ո՛ր անիւներուն վստահին եւ քանի՛ անգամ փոխեն զանոնք` նկատի ունենալով, որ փիթ-սթոփ մտնելու եւ անիւ փոխելու համար մօտ 20-21 երկվայրկեան ժամանակի կորուստ ալ կայ:

2023-ի կրան փրիին արձանագրուած են 78 ինքնաշարժներու դիրքերու փոխանակումներ:

5,5 քմ երկարող շրջավազքին մրցանիշը կը պատկանի Շարլ Լըքլերի, որ իր ֆեռարիով 1,36,169 վայրկեան արձանագրած է 2019-ին:

Ամէնէն աւելի փոլ փոզիշըն ձեռք ձգած են Միքայէլ Շումախըր եւ Լուիս Համիլթըն (4 անգամ):

Ամէնէն աւելի կրան փրիներ շահած է (Օսթինի մէջ) Լուիս Համիլթըն` 6 անգամ:

 

Նախորդը

Թենիս. Ցուցադրական Մրցաշարքի Մը. Սինըր Յաղթեց Ճոքովիչի, Իսկ Ալքարաս` Նատալի

Յաջորդը

2024-ի «Կոլտըն Պոյ» Մրցանակը` Դեկտեմբերին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.