Սէուտական Արաբիոյ մէջ, Ռիատի թագաւորական ……. մէջ տեղի կ՛ունենայ թենիսի տղոց «Սիքս Քինկզ սլեմ» մրցաշարքը` մասնակցութեամբ այժմու լաւագոյն 5 թենիսմեններու, ինչպէս նաեւ սպանացի պատմական թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ:
Նատալ, որ յառաջիկայ ամիս պիտի կատարէ իր վերջին մրցումները` Տէյվիս բաժակի գծով, հրաւէր ստացած էր մասնակցելու Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք ցուցադրական մրցաշարքին:
Թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր (Իտալիա) իր առաջին մրցումին 6-0 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթած էր ռուս Տանիլ Մետվետեսի (թիւ 5), մինչ թիւ 2 Քարլոս Ալքարաս, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթած էր Հոլկըր Ռունէի (Դանիա):
Կիսաւարտականին Սինըր մեծ դժուարութեամբ յաղթած էր թենիսի պատմութեան լաւագոյն թենիսմեններէն` Նովաք Ճոքովիչի` 6-2, 6-7 (0-7) եւ 6-4 արդիւնքով, մօտ 2 ժամ 27 վայրկեան պայքարէ ետք:
Միւս կիսաւարտականին, «զուտ սպանական» մրցումի մը, Ալքարաս 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով դուրս ձգած էր Ռաֆայէլ Նատալը` 1 ժամ 18 վայրկեան պայքարէ ետք:
Այսօր տեղի կ՛ունենայ Ճոքովիչ-Նատալ 3-րդ դիրքի մրցումը, որմէ ետք` աւարտական մրցումը` աշխարհի թիւ 1 Սինըրի եւ թիւ 2 Ալքարասի միջեւ:


