Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն.Պի.Էյ.» Այսօր Նիւ Եորք Լիպըրթի Կրնայ Դառնալ Ախոյեան

October 18, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր առաւօտեան ժամերուն Մինիափոլիսի մէջ տեղի կ՛ունենայ այս տարուան «Տապըլեու Էն.Պի.Էյ.»-ի աւարտական մրցումներու 4-րդ ճակատումը Նիւ Եորք` Լիպըրթիի եւ Մինեսոթա Լինքսի միջեւ:

Առաջին ճակատումին, Մինեսոթա յետ երկարաձգման 95-93 արդիւնքով յաղթած էր, սակայն յաջորդ երկու մրցումներուն Լիպըրթի կրցաւ հանգիստ յաղթանակ տանիլ առաջինին (80-66), իսկ երկրորդին, ետ մնալէ ետք 15 կէտով, Նիւ Եորք կրցաւ 3 կէտի առաւելութեամբ յաղթել:

Պրիանա Սթիւըրթ, որ 2 անգամ ախոյեան դարձած է աղջկանց «Էն.Պի.Էյ.»-ի (Սիեթըլ Սթորմի հետ) եւ անցեալ տարուան աւարտականի լաւագոյն մարզիկ եղած էր, 30 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգած էր վերջին մրցումին, ի նպաստ Նիւ Եորքի, որ կը փորձէ առաջին անգամ ըլլալով ախոյեան դառնալ: Անցեալ տարի աւարտականի հասած եւ պարտուած Լաս Վեկաս Էյսըզէն Լիպերթի այս տարի իր կազմը աւելի եւս զօրացուց ձեռք ձգելով Ճոնքել Ճոնզը, որ առաջին մրցումին տապըլ-տապըլ (24 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) ձեռք ձգած էր: Նիւ Եորքի մաս կը կազմէ նաեւ 3 կէտնոց կողովներու մասնագէտ Սապրինա Իոնեսքու, որ տղոց պատմութեան լաւագոյն 3 կէտ նշանակող Սթեֆ Քըրիի հետ մրցած էր «Օլ-Սթարզ» մրցումէն առաջ:

Մինեսոթա իր կարգին կը փորձէ այսօր յաղթել` յոյսերը պահելու 5-րդ մրցում պարտադրելու համար, դառնալով աղջկանց «Էն.Պի.Էյ.»-ի առաւելագոյն տիտղոսներ շահող խումբը:

Մինեսոթա Լինքս 2011-ին, 2013-ին, 2015-ին եւ 2017-ին շահած էր ախոյեանութիւնը, մինչ Հիւսթըր Քոմեթց 1997-ին, 1998-ին, 1999-ին եւ 2000-ին շահած էր ախոյեանութիւնը:

Սիեթըլ Սթորմ 2004, 2010, 2018 եւ 2020 տարիներուն դարձած էր ախոյեան:

Նիւ Եորք կը մնայ միակ խումբը, որ «Էն.Պի.Էյ.»-ի պատմութեան սկիզբէն` 1997-էն ի վեր կը մասնակցի եւ չէ կրցած ախոյեան դառնալ, հակառակ 5 անգամ աւարտականին հասնելուն:

Նախորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (8). Ինչո՞ւ Զօրակցիլ Դիմադրութեան Եւ Չըլլալ Չէզոք

Յաջորդը

Թուխել Անգլիոյ Ազգային Խումբին Մարզիչ

RelatedPosts

Նշմար.  Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը
Մարզական

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

October 2, 2026
Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 2, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.