Վերջերս Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը իբրեւ ծախսերու կրճատման քաղաքականութիւն հրաժարած է գումար վճարել ակումբի նախկին պատմական մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընին:
Ֆերկըսըն, որ 2013-ին լքած էր ակումբի մարզիչի պաշտօնը, Եունայթըտի կողմէ կը վարձատրուէր իբրեւ ակումբի դեսպան: Գումարին մասին խօսքը յստակ չէ, սակայն ըստ կարգ մը աղբիւրներու «Ֆերկի» մօտ 2 միլիոն սթերլինկ փաունտ կը ստանայ: Կ՛ըսուի, թէ Ֆերկըսընի հետ այս հարցը խաղաղ ձեւով լուծուած է: Սկովտիացի մարզիչը կրնայ ներկայ ըլլալ Մանչեսթըր Եունայթըտի մրցումներուն:
Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի, մարզիչին արգիլուած է ներկայ գտնուիլ խումբին հանդերձարանը: Ասիկա հինէն աւանդութիւն էր` սըր Մեթ Պազպիի օրերէն: Մանչեսթըր Եունայթըտի նոր ղեկավարները կը շարունակեն ակումբին մէջ հաստատել սեփական կանոնները:
Ալեքս Ֆերկըսըն 1986-էն 2013 մարզած էր Եունայթըտը` շահելով 38 տիտղոս, որոնց կարգին` 13 «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոս եւ 2 «Չեմփիընզ լիկ»:
«Սըր Ալեքս Ֆերկըսըն պէտք է կարելիութիւն ունենայ ընելու ինչ որ կը ցանկայ, մինչեւ մահ: Ակումբի այս որոշումը ցոյց կու տայ յարգանքի բացակայութիւն: Ասիկա շատ ամօթալի է: Ան միշտ կը մնայ իմ ղեկավարս», ըսաւ ֆրանսացի աստղ Էրիք Քանթոնա:
Քանթոնա 1992-էն 1997 մաս կազմած էր «Կարմիր սատանաներ»-ուն` մասնակցելով 143 մրցումի եւ նշանակելով 64 կոլ:


