Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցած բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու (22 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն 5 հայ բռնցքամարտիկներ հասած են կիսաւարտական եւ անշուշտ մետալներով պիտի վերադառնան:
Կիսաւարտական հասած Էլիտա Քոչարեանին միացան 51 քկ կշիռի Ռուտոլֆ Կարպոյեան, 57 կշիռի Ռուսլան Ասլիքեան, 60 քկ կշիռի Արթուր Սահակեան եւ 67 քկ կշիռի Յարութիւն Յակոբկոխեան:
Կարպոյեան պարտութեան մատնած էր ֆրանսացի Նայքի Քամինկզը, Ասլիքիան` այլ ֆրանսացի մը` Ռայան Պիյեուն, Արթուր Սահակեան` ուքրանացի Մաքսիմ Վլասիուքը, իսկ Յակոբկոխեան` իսրայէլցի Սաֆի Ապօ Շաապանը:
Կիսաւարտականին Կարպոյեան պիտի մրցի իրլանտացի մրցակիցի մը դէմ, իսկ Սահակեան` անգլիացի մրցակիցի մը դէմ: Եւրոպայի ախոյեան Ռուսլան Ասլիքեան պիտի մրցի թուրք Մեհմետ Չինարի դէմ:
Յակոբկոխեան պիտի մրցի պուլկար բռնցքամարտիկի մը դէմ, իսկ Էլիտա Քոչարեան` լաթվիացի Աննա Սորոքինայի դէմ:


