Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ յայտարարեց, թէ Իրանի հետ պատերազմը շուտով պիտի աւարտի:
Ան աւելցուց, որ Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի Իրանի վրայ ամբողջական յաղթանակ արձանագրելու: Ան այս մասին յայտնեց Արլինկթըն ազգային գերեզմանատան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ:
«Միացեալ Նահանգները Իրանի հետ պատերազմ մը չսկսան: Իրան 1979 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու դէմ պատերազմ կը մղէ, եւ պէտք էր ատիկա շատոնց վճռել», ըսաւ ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը պնդեց, թէ Միացեալ Նահանգները իր վարչակազմին օրով հակադարձեցին Իրանին:
«Ուժով հակադարձեցինք եւ յաղթեցինք: Միայն կը մնայ ճշդել, թէ ե՛րբ կ՛ուզենք այս կացութիւնը աւարտել», աւելցուց ան:
«Կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ ամբողջական յաղթանակ արձանագրեցինք, եւ ոչ թէ 93 առ հարիւրով յաղթանակ: Ատիկա հաստատօրէն ամբողջական յաղթանակ պիտի ըլլայ», նշեց Թրամփ:
Ըստ անոր, Թեհրան առնուազն 25 տարիներու պիտի կարօտի իր քանդուած կարողութիւնները վերականգնելու համար:
Թրամփ նշեց, որ շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերը իրենց պարտականութիւնը կատարեցին «Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք բերելը արգիլելու նպատակով»:
Արեւմուտքցի պաշտօնատար մը «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց, որ զինուորական հետախուզական գնահատումներու համաձայն, Իրան տակաւին կարողութիւնը ունի ամսական շուրջ 50 հեռահաս հրթիռներ արտադրելու, այսինքն` պատերազմի սկիզբէն արտադրելու իր կարողութեան շուրջ կէսը, եւ հաւանաբար առնուազն 1700 հեռահաս հրթիռներ ունի:
Պաշտօնատարը լրատու գործակալութեան ըսաւ, թէ 28 փետրուարին սկսած ամերիկեան-իսրայէլեան օդային արշաւը քանդած է Իրանի զինուորական աւանդական կարողութիւնները:
Սակայն «Պլումպըրկ» նշեց, որ արտադրութեան ներկայ կշռոյթը կռիւի վերսկսման պարագային Թեհրանին հակադարձելու մեծ կարողութիւն կը տրամադրէ:
«Պլումպըրկ»-ի համաձայն, Իրան պատերազմի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 4900 «Շահետ» տիպի անօդաչու թռչող սարքեր եւ առնուազն 2200 հեռահաս հրթիռներ արձակած է: Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերն ու անոնց դաշնակիցները պաշտպանելու համար աւելի քան 1000 «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ օգտագործուած են, իսկ անոնց արտադրութիւնը տարեկան շուրջ 650 է, իսկ մէկ հրթիռին գինը` 4 միլիոն տոլար է:


