Սփիւռքի նորօրեայ պատմութեան մէջ նուազած չէ Լիբանանի դերակատարութիւնը հայու քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ կրթական մարզերուն մէջ: Վերջին հինգ տարիներուն, Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին եւ 23 սեպտեմբերին ընթացք առած իսրայէլեան օդային յարձակումներուն ու իրերայաջորդ բռնարարքներուն իբրեւ հետեւանք, գաղութային գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները, միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները դէմ յանդիման գտնուեցան բազմատեսակ մարտահրաւէրներու ու դժուարութիւններու: Անցեալին միասնական ջանքերով կարելի եղաւ մասամբ դուրս գալ մեր գոյութիւնը խաթարող այդ իրավիճակներէն, եւ վստահ ենք, որ այս անգամ ալ պիտի յաղթահարենք արգելքները:
Հակառակ դժուարութիւններուն, միասնական ջանքերով կարելի եղաւ նուազագոյն վնասներով ամբողջութեամբ կամ մասամբ դուրս գալ մեր գոյութիւնը խաթարող այդ իրավիճակներէն:
Այս բոլորին զուգահեռ, նաեւ դժուարութիւններ դիմագրաւեցին եւ կը շարունակեն դիմագրաւել հայկական մեր վարժարանները: Այսօր իրապաշտ պէտք է ըլլանք եւ հաստատենք, որ կրթական իմաստով ահազանգային վիճակի մէջ ենք: Հայ աշակերտին գոյութիւնը վտանգող երեւոյթներու բազմապատկութիւնը մեզ զգաստութեան կը հրաւիրէ այնպիսի պատմական պահերու, երբ Արցախի կորուստին վէրքը տակաւին բաց է, եւ համազգային անտարբերութիւնը յառաջացող է:
Վերջին տարիներուն այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծուած է, որ գաղութային մակարդակով նուազ կարեւորութիւն կը տրուի մեր վարժարաններու հարցերուն լուծումներ գտնելու եւ ընդհանրապէս հայ դպրոցի պահպանման: Աւելի՛ն, տարիներու ընթացքին կուտակուած տեսակաւոր բացթողումները եւ աշակերտութեան թիւի յստակ նուազումը սաստկացուցին վտանգին աստիճանը: Ճգնաժամային այս իրավիճակը յաւելեալ նահանջ եւ տկարացում պատճառեցին կրթական մեր հաստատութիւններուն: Այս բոլորին կողքին, անհասկնալի կերպով, իբրեւ ձեւական լուծում` զարգացաւ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ կրօնի դասապահերը նուազեցնելու կամ ամբողջութեամբ ջնջելու մտադրութիւնը, որուն հետեւանքը բնականաբար պիտի ըլլայ ազգային արժէքներու եւ նկարագիրի կորուստը:
Ազգ մը կարելիութիւնը չունի գոյատեւելու, եթէ չպահպանէ իր դիմագիծը, արժէքները, մշակոյթը, լեզուն եւ պայքարի ոգին: Հետեւաբար, արդեօք մենք հայ աշակերտին օգտին գործած կ՛ըլլանք, երբ հարուածենք սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութիւն ստանալու անոր եզակի առիթը: Մենք մեր վարժարաններու մակարդակը բարելաւած կ՛ըլլա՞նք, եթէ ջնջենք հայերէնի դասապահերը: Մենք մեր վարժարանները անկումէ փրկած կ՛ըլլա՞նք, եթէ մարդուժ պատրաստելու եւ մեր ազգային արժէքները պահպանելու փոխարէն վերարտադրենք այն բոլոր մօտեցումները, որոնք արդէն իսկ յստակօրէն ձախողած են:
Առ այդ, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները կու գան հաստատելու, որ հայ աշակերտի դաստիարակութիւնը եւ ապագան գերագոյն առաջնահերթութիւններ են: Մենք կը հաւատանք, որ լիբանանահայութեան համար հասած է պատմական այն պահը, երբ խօսքի տեղ պէտք է գործել, ծրագիրները համակարգիչներու եւ դարակներու մէջ պահելու փոխարէն հրապարակ հանել եւ ձգտիլ զանոնք իրականացնելու ու իսկապէս փրկելու մեր վարժարանները: Մենք կատարուած իրողութեան յարմարող պէտք չէ ըլլանք, ոչ ալ ընդունինք նահանջի տարբերակը: ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ Է՛ ԵՒ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱ՛Յ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹԸ:
Մենք վստահ ենք, որ հայ աշակերտը բոլոր արժանիքները ունի վերելքներ նուաճելու եւ հետագային` այդ բոլոր յաջողութիւններով զինուած, ոչ միայն փայլուն ապագայ կերտէ անձնական եւ ընտանեկան, այլ նաեւ գաղութային, սփիւռքեան եւ համահայկական մակարդակներու վրայ: Հայ աշակերտը մեր ապագան չէ միայն, այլ նաեւ ներկայիս մեր ապագան ցոյց տուող գլխաւոր տուեալը:
Մենք` իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ եւ պատանիներ, կը շեշտենք, որ հայ վարժարանը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը մեր հոգիները հարստացնող գերագոյն իրականութիւններ եւ ազգային արժէքներ են: Քաջ կը գիտակցինք, որ հայ աշակերտներով պիտի կերտուի ա՛յն փայլուն ապագան, որուն համար բազմահազար երիտասարդներ նահատակուեցան տակաւին անցնող տարիներուն ընթացքին:
Այս բոլորին կողքին, հաւատալով` թէ աշխատանքը կը գերադասէ խօսքը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ը եւ ՀՅԴ ԼՊՄ-ը միասնաբար կու գան հաստատելու, որ հայ վարժարանին կողքին պիտի ըլլան` մատնանշելով վտանգները եւ կարելիութեան սահմաններու մէջ նպաստելու պահպանման եւ զարգացման ճիգերուն: Հետեւաբար կը յայտարարենք, որ 2024-2025 տարեշրջանին համար նախատեսած ենք շարք մը աշխատանքներ, որոնց կ՛անդրադառնանք հետագային:
Մնանք պինդ, մնանք ամուր, մնանք ստեղծող եւ մենք մեզ տեւաբար գերազանցող:
Նուիրումով եւ աշխատանքով միասնաբար պահպանենք հայ դպրոցը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ