ԱՆԻ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ-ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Խնձորենիի պտուղը խնձորն է, սալորենիի պտուղը սալորն է, եւ այսպէս կը կոչուին պտղատու ծառերը:
Մեր սքանչելի նախահայրերը Մայրենի «ծառին» պտուղը կոչած են զաւակը, նոյն ատեն մայրենի սնունդ կոչած են մօր կաթը եւ, վերջապէս, մեր լեզուն կոչած են ՄԱՅՐԵՆԻ լեզու: Ի՜նչ մեծ գնահատական եւ սիրելի պարտականութիւն` հայ մայրերուն: Հայ մայրը միակն է, որ կու տայ երեք պտուղ` ծնունդ, կաթ եւ լեզու: Առաջին երկուքը` աստուածատուր, իսկ երրորդը` ազգատուր, չէ՞ որ մայրը առաջին անձն է, որ պիտի գրկէ իր զաւակը, առաջին անձն է, որ պիտի կերակրէ իր զաւակը եւ առաջին բառերը` փաղաքշական բառերը, քնքուշ բառերը, սիրալիր բառերը իր սրտահատորին պիտի արտասանէ իր լեզուով:
Այո՛, այդ պատճառով ՄԱՅՐԵՆԻ է մեր լեզուն, իսկ մեր մայրերը, մեր սքանչելի մայրերը պատմութեան ընթացքին ո՛ւր որ ալ գտնուեցան, որքա՛ն ահաւոր դժուարութիւններ դիմագրաւեցին, սակայն շարունակեցին ծնունդ տալ, սնուցանեցին իրենց զաւակները արիւնով, եթէ կաթ չունէին, խօսեցան հայերէնով իրենց զաւակներուն հետ եւ իրենց հետ փոխադրեցին այդ կշիռք չունեցող լեզուն, որ նոյն ատեն շա՜ տ թանկագին էր… աւելի ճիշդը` անգին էր:
Այսօր, սակայն, պատկերը նոյնը չէ, այսօր մեր մայրերու բերնէն հայերէնով կը հնչեն` «ինչո՞ւ հայերէն», «ինչո՞ւ հայերէնը ծանր է ձեր դպրոցին մէջ», «ինչո՞ւ ուրիշ դպրոց աւելի թեթեւ է հայերէնը», «հայերէն խօսիլը բաւարար է, ինչո՞ւ գրել ու կարդալ սորվիլ», ու կարելի է երկարել եւ երկարել ինչուներու շարքը…
Հայերէնը ծա՞նր բեռ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ հայկական դպրոց ուրեմն, հայկական դպրոցը հիմնուած է հայոց լեզու, Հայոց պատմութիւն, կրօն եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւն սորվեցնելու համար, հայապահպանումը ապահովեու համար:
Ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն մէջ մեր մայրերը աւազի վրայ գրելով փոխանցեցին ՄԱՅՐԵՆԻՆ իրենց զաւակներուն, իսկ այսօր համեմատաբար հարուստ-բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրող մեր մայրերը ինչպէ՞ս իրենց զաւակները կը յանձնեն ուրիշներու մայրենիին, ինչո՞ւ չեն հասկնար, որ իրենց զաւակը ուրիշին մայրենիին յանձնելով, անոնց յանձնած կ՛ըլլան իրենց զաւակներուն ծիները, անոնց յանձնած կ՛ըլլան իրենց զաւակներուն սնունդը, եւ այդ զաւակները, երբ իրենց մայրերուն հետ օտարին մայրենիով խօսին, ըսէք հաճիք` ո՞ւր մնաց անոնց հարազատութիւնը…
Դժբախտաբար շատ մը հայկական (կոչուած) դպրոցներ հայերէնի եւ Հայոց պատմութեան «բեռը» թեթեւցուցած են եւ կը գործեն հակառակ հայկական դպրոցի առաքելութեան, թէեւ կը շարունակեն իրենց կրօնական ուղղակի կամ անուղղակի քարոզչութիւնը, որ մայրենիէն կարեւոր կը նկատեն, եւ աշակերտները կը զրկեն կրօնական արարողութիւններու մասնակցելու ազատ որոշումէն:
Սիրելի՛ ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐ, գուրգուրացէք մեր ՄԱՅՐԵՆԻԻՆ վրայ, միակ ժառանգութիւնը, որ մնացած է մեզի, կտակեցէք զայն ձեր զաւակներուն, միակ հարստութիւնը, զոր գազան թուրքը չէ յափշտակած:
Յարգա՛նք ՀԱՅ մօր, մանաւանդ` այն մօր, որ զաւկին ձեռքը բռնած` հպարտօրէն զայն կ՛առաջնորդէ ազգային դպրոց` վստահ ըլլալով, որ բոլոր գնայուն հարստութիւններէն աւելի թանկագին հարստութիւն մը կը ժառանգէ իր զաւկին: