Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կոչ ուղղեցին` Կազայի եւ Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու, եւ զգուշացուցին շրջանին մէջ ներկայ մագլցումի վտանգներէն:
Նախարարները Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ իրենց գումարած 45-րդ արտակարգ նախարարական ժողովէն ետք իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ դատապարտեցին լիբանանեան եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուած մագլցումը եւ զգուշացուցին շրջանին վրայ անոր վտանգաւոր հետեւանքներէն` ընդգծելով, որ անիկա աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնալիք կը ներկայացնէ:
Հաղորդագրութիւնը շեշտեց շրջանի անվտանգութիւնը պաշտպանելու եւ պատերազմի ծիրի ընդլայնումէն խուսափելու կարեւորութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, նախարարական խորհուրդը շեշտեց, որ պէտք է գործադրել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումն ու Թաէֆի համաձայնագիրը` վերականգնելու համար Լիբանանի մէջ տեւական անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը` երաշխաւորելու համար անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ գերիշխանութեան յարգումը:
Տոհայի ժողովին մասնակից նախարարները վերահաստատեցին սեպտեմբերի վերջաւորութեան Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու հաղորդագրութիւնը, որ կոչ կ՛ուղղէ 21-օրեայ անմիջական զինադադար հաստատելու եւ դիւանագիտական լուծումի ուղիով ընթանալու` շրջանը շրջանային պատերազմի ծագումէն զերծ պահելու համար:


