Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլայի հանգուցեալ ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլան Իսրայէլի կողմէ սպաննուելէն քանի մը օր առաջ համաձայն գտնուեցաւ 21 օրուան տեւողութեան զինադադարի հաստատման»:
«Ան ամբողջովին համաձայն գտնուեցաւ, Լիբանան եւս համաձայն գտնուեցաւ զինադադարին, սակայն Հըզպալլայի հետ խորհրդակցաբար: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին խորհրդակցեցաւ Հըզպալլայի հետ, եւ ամերիկացիներուն ու ֆրանսացիներուն փոխանցեցինք տեղի ունեցածը», նշեց Պու Հապիպ:
«Անոնք մեզի յայտնեցին, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւս համաձայն գտնուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Էմանուել Մաքրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Որոշուած էր, որ Սպիտակ տան աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն Լիբանան երթայ` զինադադարին շուրջ բանակցելու համար»:
Պատասխանելով շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութեան տկարացման մասին հարցումի մը` լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ. «Անոնք շատ կարեւոր են, եւ չեմ կարծեր, որ այլընտրանքը ունինք: Մենք Միացեալ Նահանգներու օգնութեան կարիքը ունինք: Զայն ստացանք կամ ոչ, որովհետեւ մենք տակաւին վստահ չենք, սակայն Միացեալ Նահանգները չափազանց կարեւոր են կենսական զինադադարի հաստատման համար»:


