Գաղտնիք չէ, որ հայ հասարակութեան մէջ ահռելի հիասթափութիւն կայ Ռուսիոյ, անոր հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն նկատմամբ: Այս մասին Վարշաւայի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Հայ ժողովուրդը տասնամեակներ շարունակ հաւատացած էր, որ եթէ բան մը պատահի, Ռուսիան պիտի օգնէ, մեզ պիտի պաշտպանէ: Սակայն հայերը տեսան, թէ ատիկա այդպէս չէ, մենք չստացանք այդ օգնութիւնը: Աւելի՛ն, 2020-ի պատերազմէն ետք, Ռուսիոյ խաղաղապահները ուղարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղ, սակայն մենք տեսանք, որ հարկադիր տեղահանման ժամանակ խաղաղապահ առաքելութիւնը չաշխատեցաւ, ինքզինք չարդարացուց», ըսած է Միրզոյեան:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ երբ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն վրայ յարձակում տեղի ունեցաւ, ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ Երեւանի պաշտօնական դաշնակիցները չեն արձագանգած Հայաստանի Հանրապետութեան սպասումներուն համապատասխան: Ըստ Միրզոյեանի, այս ամէնը յանգեցուցած է անոր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութիւնը հիասթափուած է եւ այժմ այլընտրանքներ կը փնտռէ:
«Այս կացութիւնը մեզի աւելի մօտեցուցած է Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներուն: Հասարակութեան արժէքներու ծիրին մէջ մենք մօտ էինք Եւրոպական Միութեան, արեւմտեան երկիրներուն, սակայն անվտանգութեան ծիրին մէջ` Հայաստանի ժողովուրդը հոգեբանօրէն ինքզինք կը կապէր Ռուսիոյ: Հիմա այս երկրորդ բաղադրիչը ի չիք դարձած է: Մարդիկ այլեւս որեւէ պատճառ չեն տեսներ իրենք զիրենք ամբողջապէս Եւրոպական Միութեան հետ չկապելու համար», ըսած է Միրզոյեան:


