Եթէ Հայաստանը իսկապէս կ՛ուզէ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնիլ, պէտք է դատապարտէ ազրպէյճանցիներու դէմ գործուած վայրագութիւնները եւ պատժէ մեղաւորները: Այս մասին Պաքուի մէջ տեղի ունեցող «Անհետ կորսուածներու խնդիրի լուծում» միջազգային խորհրդաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած ուղերձին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Անոր համաձայն, այժմ Ազրպէյճանի մէջ պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին «ռազմական յանցագործութիւններու որոշ մեղաւորներ» (նկատի ունի բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները, «Ա.»), սակայն Հայաստանի մէջ ոչ մէկ «յանցագործ» պատասխանատուութեան ենթարկուած է, այլ ընդհակառակն` հերոսացուած է:
Ալիեւ Հայաստանին կոչ ուղղած է հրաժարելու իր ապակառուցողական դիրքերէն եւ կատարելու միջազգային մարդասիրական օրէնքով ստանձնած պարտաւորութիւնները:
«Եթէ Հայաստան իսկապէս կ՛ուզէ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնիլ, ապա պէտք է դատապարտէ ազրպէյճանցիներու դէմ գործուած վայրագութիւնները եւ պատժէ մեղաւորները: Ասիկա կրնայ նաեւ դառնալ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման արդիւնաւէտ քայլերէն մէկը», ըսած է Ալիեւ:


