Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՐԱՆԻ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ յայտնեց. «Սէյիտ Հասան Նասրալլայի կորուստին եւ Լիբանանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն մասին ըսելիք ունիմ եւ զայն շուտով պիտի փոխանցեմ»:

«Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներուն մեր շրջանին մէջ գտնուիլը այս պատերազմներուն հիմքն ու պատճառն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ Ամերիկան եւ եւրոպական երկիրները մեր շրջանէն դուրս գան, պատերազմները պիտի աւարտին, եւ շրջանի պետութիւնները կարող են խաղաղութեամբ ապրելու»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ իր զինուորներէն մէկը վիրաւորուած է, երբ բանակէն միաւորի մը Քաուքապա գիւղի մուտքին մօտ քաղաքացիներուն անցքը ապահովելու համար Մարժեհիուն-Հասպայա ճամբան բանալ աշխատած ատեն իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործած է:

– ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան ռուսական «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով սննդական անվտանգութեան կացութեան նշեց. «Կացութիւնը կայուն է»:

Ան յայտնեց, որ երէկ գումարուած սննդեղէնի մարմիններու ժողովի նպատակը երկրին մէջ սննդեղէնի կացութեան ծանօթանալն էր` նշելով. «Հարցերը դրական ու լաւ են, սակայն կայ խոչընդոտ մը` թշնամիին պատճառով շուրջ 10 հազար հողագործի տեղահանութիւնը, ինչ որ կրնայ արտադրութեան եւ արտածման վրայ ազդել»:

«Լիբանանեան կամ ներածուած արտադրութիւններու պահեստը երկու ամսուան համար բաւարար է, եւ պէտք է երկու ամսուան աւարտին մասին մտածենք», ըսաւ նախարարի պաշտօնակատարը:

– ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Չինաստանի 200 քաղաքացիներ Լիբանանէն տարհանուած են:

– «ՌՈՅԹԸՐԶ» հաղորդեց, որ Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարկարիթա Ռոպլես երէկ յայտնած է, թէ Սպանիան մտադիր է Լիբանան բնակող 350 սպանացիներ հինգշաբթի օր տարհանելու համար զինուորական երկու օդանաւեր ուղարկել:

– ՄԱՐՈՆԻ եպիսկոպոսները երէկ Պքերքէի մէջ իրենց միամսեայ ժողովի ընթացքին դատապարտեցին շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեցին` աշխատանք տանելու անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրման համար:

 

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Աշխարհը Չի Նկատեր Թոյլ Եւ Տկար Պետութիւնները, Այլ Միայն Կը Խղճայ Եւ Կ՛անտեսէ»

Յաջորդը

Էլիզէի Պալատ. «Ֆրանսան Շատ Շուտով Լիբանանի Աջակցութեան Խորհրդաժողով Պիտի Կազմակերպէ»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.