Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են, երբ երեքշաբթի արշալոյսին մայրաքաղաք Դամասկոսի վրայ իսրայէլեան յարձակում մը տեղի ունեցած է:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են յարձակումին:
ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Դամասկոսի Մազզէ թաղամասին վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 3 զոհեր եւ 9 վիրաւորներ:
Սուրիական լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ զոհերու շարքին է Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի խօսնակ Սաֆա Ահմետը: