Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քենաանի. «Սիոնական Ոճիրները Անպատասխան Պիտի Չմնան, Եւ Լիբանան Ու Կազա Կռուողներ Պիտի Չուղարկենք»

October 1, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Նասր Քենաանի յայտարարեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Յեղափոխական պահակագունդին մէջ խորհրդական գնդապետ-զօրավար Ապպաս Նելֆրոշանի ահաբեկումը միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան սպառնալիք են եւ միջազգային օրէնքներու ոտնակոխում»:

«Այս ոճրային քայլերուն շարունակումը կրնայ շրջանը անկայուն կացութեան մէջ ներքաշել», նշեց ան:

«Թեհրան Իսրայէլի դիմակայման համար Լիբանան եւ Կազա կռուողներ պիտի չուղարկէ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` աւելցնելով. «Լիբանանի եւ Պաղեստինի կառավարութիւնները բաւարար կարողութիւնն ու ուժը ունին սիոնական վարչակազմի յարձակումին դիմակայման համար, եւ կարիքը չկայ օժանդակ կամ կամաւոր իրանեան ուժեր տեղակայելու»:

«Սիոնական գոյացութեան արարքներէն ոչ մէկը առանց հակադարձութեան կամ յանդիմանութեան եւ գործած ոճիրներուն համար առանց պատիժի պիտի մնան, եւ Իրան այս առումով պատշաճ ու վճռական բոլոր քայլերը պիտի որդեգրէ», շեշտեց Քենաանի:

Միւս կողմէ, «Նիւ Եորք Թայմզ» հաղորդեց, որ իրանեան վարչակարգը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումէն ետք մեծ ցնցում ապրած է` նշելով, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին սուգի մէջ էր եւ մեծապէս ազդուեցաւ սէյիտ Նասրալլայի կորուստէն, սակայն հանդարտ ու գործնական կեցուածք որդեգրեց:

Օրաթերթը հաղորդեց, որ սէյիտ Նասրալլայի մահուան լուրը ստանալէ ետք Խամենէին նախագահած է Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի ժողովի մը, որուն ընթացքին տարակարծութիւն ստեղծուած է Իսրայէլին պատշաճ հակադարձութեան շուրջ` նշելով, որ մինչ պահպանողականները կոչ ուղղած են Իսրայէլին արագօրէն հակադարձելու, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան զգուշացուցած է աճապարելէ` նշելով, որ ատիկա կրնայ Իրանը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի թակարդը ձգել:

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը նշէ, որ ներկայ փուլին Հըզպալլային իր ուժն ու կազմակերպուածութիւնը վերականգնելու օգնելը Իրանի համար առաջնահերթութիւն կը նկատուի: Իրան նաեւ կը ծրագրէ «Քուտս» զօրամասէն հրամանատար մը Պէյրութ ուղարկել` օգնելու համար վերականգնման ջանքերուն:

Այս զարգացումներուն լոյսին տակ, ըստ օրաթերթին, իրանցի պաշտօնատարները ընդունած են, թէ Իսրայէլի հարուածը շատ զօրաւոր էր, իսկ իրանեան շրջանակները «ցնցուածութեան, զայրոյթի եւ մտահոգութեան» կացութեան մէջ են:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պարրօ. «Նախագահի Ընտրութեան Եւ Զինեալ Բախումներու Դադրեցման Առաջնահերթութիւնը Կը Շեշտենք»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.