Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 1, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի «եղբայրական լիբանանեան հանրապետութեան մէջ ընթացող զարգացումներուն եւ կ՛ընդգծէ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու շրջանային անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը»` նշելով, որ թագաւորութիւնը լիբանանցի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի ընդդէմ այդ զարգացումներու հետեւանքներուն եւ կարեւոր կը նկատէ անոնց մարդասիրական հետեւանքները սահմանափակելը:

Նախարարութիւնը նշեց, որ թագաւորութեան ղեկավարութիւնը ցուցմունք տուած է լիբանանցի ժողովուրդին բժշկական ու մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ «ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ անոր կողքին կանգնելու»:

– ԷՄԻՐԱԹԱԿԱՆ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան հրամայած է լիբանանցի ժողովուրդին 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական շտապ օգնութիւններ տրամադրել: «Այս նախաձեռնութիւնը Լիբանանի մէջ մեր եղբայրներուն աջակցելու, ներկայ մարտահրաւէրներու դիմակայման մէջ անոնց օգնելու եւ եղբայրական լիբանանցի ժողովուրդին զօրակցելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հաստատ յանձնառութեան ծիրին մէջ է»:

– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ողջունեց Լիբանանին ու լիբանանցիներուն օգնելու արաբական նախաձեռնութիւնները` շնորհակալութիւն յայտնելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ պըն Զայետին լիբանանցի ժողովուրդին 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ շտապ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելուն համար:

Ան նաեւ լիբանանցիներու գնահատանքը արտայայտեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան եւ բժշկական ու մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեան ցուցմունքներուն:

– ՔԱՆԱՏԱՅԻ վարչապետ Ճասթին Թրուտոն հեռաձայնեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին` խոր մտահոգութիւն յայտնելով «քաղաքայինները թիրախ դարձնող բախումներուն նկատմամբ» եւ շեշտելով, որ պէտք է մագլցումը դադրեցնել եւ վերադառնալ խաղաղ լուծումներու:

– ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի յայտնեց. «Շուրջ 100 հազար մարդիկ Լիբանանէն փախուստ տուին դէպի Սուրիա` խուսափելով իսրայէլեան յարձակումներէն»:

«Իսրայէլեան յարձակումներէն փախելով Լիբանանէն Սուրիա անցած լիբանանցի եւ սուրիացի անձերու թիւը հասաւ 100 հազարի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Հոսքը կը շարունակուի»:

– ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութենէն աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Մէկ շաբաթէ ի վեր Մասնաայի սահմանային անցակէտին ճամբով մեկնողներուն թիւը հասաւ 90 հազարի, որոնց 60 հազարը սուրիացիներ են, իսկ 30 հազարը` լիբանանցիներ»:

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ լիբանանցի զինուոր մը նահատակուած է, երբ անօդաչու թռչող սարք մը բանակի Օմրա-Ուազզանի շրջանի անցարգելին մօտ մոթորսիքլեթի մը վրայ յարձակում գործած է:

 

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Պէտք Է Ամէն Ինչ Ընենք, Որ Հայ Եկեղեցին Միշտ Ամուր Մնայ»

Յաջորդը

Քենաանի. «Սիոնական Ոճիրները Անպատասխան Պիտի Չմնան, Եւ Լիբանան Ու Կազա Կռուողներ Պիտի Չուղարկենք»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.