Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրօ. «Նախագահի Ընտրութեան Եւ Զինեալ Բախումներու Դադրեցման Առաջնահերթութիւնը Կը Շեշտենք»

October 1, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ իր պատուիրակութեան եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի ընկերակցութեամբ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ:

Պքերքէի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայիատ յայտնեց. «Պարրոյի այցելութիւնը զօրակցական, տեղեկահաւաքի եւ հիմնական թղթածրարները յառաջ մղելու համար է»:

Ան նշեց, որ Պարրօ իր զրոյցի ընթացքին կեդրոնացած է հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան իբրեւ հիմք եւ առաջնահերթութիւն կարեւորութեան վրայ` ընդգծելով պատերազմը դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Վերջինս վերահաստատեց, որ լուծումի բանալին Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցումն է եւ Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի զինադադարի հաստատման վերաբերեալ կոչին վերադառնալն է:

«Առաջնահերթութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրումն է», ըսաւ ան:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը իր կարգին շեշտեց «հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ զինեալ բախումները դադրեցնելու վրայ աշխատանքի առաջնահերթութիւնը»:

«Ֆրանսան բոլոր մակարդակներուն վրայ կը զօրակցի Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին, եւ մեծապէս հետաքրքրուած է բանակին աջակցելով եւ այս զգայուն պայմաններուն մէջ անոր օգնելով», շեշտեց Պարրօ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Քննարկումը կեդրոնացաւ Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումին լոյսին տակ երկրի ընդհանուր կացութեան վրայ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ Պարրոյի հետ իր հանդիպումի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային ու անոր նախագահ Էմանուել Մաքրոնին Լիբանանին նկատմամբ նախանձախնդրութեան եւ աջակցութեան համար, մասնաւորաբար ներկայ դժուար փուլին մէջ, ուր Իսրայէլ իր յարձակումը կը շարունակէ եւ շրջափակում հաստատած է Լիբանանի վրայ` արգիլելով տեղահանուածներուն օժանդակութիւններ հասցնելը:

Պըրրի Պարրոյի ուշադրութեան յանձնեց Լիբանանի դրական կեցուածքը ֆրանս-ամերիկեան կոչին նկատմամբ, որ միջազգային լայն աջակցութիւն կը վայելէ:

«Յարձակումի դադրեցման ձգտող բոլոր ջանքերուն տապալման պատասխանատուն Իսրայէլն է», նշեց Պըրրի:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը իր կարգին համաձայն գտնուեցաւ Պըրրիին եւ յայտնեց. «Միակ լուծումը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնն է»:

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Պարրօ Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատին յանձնած է 12 թոն դեղորայք ու բժշկական սարքեր, ինչպէս նաեւ 10 միլիոն եւրօ արժողութեամբ մարդասիրական շտապ օգնութիւններու մատակարարման ձեռնարկած է:

 

Նախորդը

Քենաանի. «Սիոնական Ոճիրները Անպատասխան Պիտի Չմնան, Եւ Լիբանան Ու Կազա Կռուողներ Պիտի Չուղարկենք»

Յաջորդը

Միքաթի. «Պըրրի Ինծի Յայտնեց, Որ Զինադադար Հաստատուելէն Անմիջապէս Ետք Խորհրդարանը Պիտի Հրաւիրուի Համաձայնական Եւ Ոչ Թէ Մարտահրաւէր Կարդացող Նախագահ Ընտրելու»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.