Վրաստանը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթը եւ երկու երկիրներուն կ՛առաջարկէ յարաբերութիւններու կարգաւորման շրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ: Այս մասին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:
«Գիտակցելով խաղաղութեան կարեւորութեան` մենք յառաջատար դեր խաղցած ենք Հարաւային Կովկասի շրջանը տագնապներու շրջանէն կարելիութիւններու շրջան դարձնելու ջանքերուն մէջ:
«Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման հոլովոյթը, յատկապէս դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը:
«Մենք կ՛ուզենք ապահովել շրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ, որ կ՛աջակցի երկիրներու միջեւ համագործակցութեան եւ վստահութեան կառուցման, որպէսզի երաշխաւորուի, որ տարակարծութիւնները պիտի մնան անցեալին մէջ, իսկ շրջանի հարստութիւններն ու առաւելութիւնները պիտի առաջարկուին աշխարհին», ըսած է Վրաստանի վարչապետը:


