24 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Պայրամով իրանցի պաշտօնակիցին տեղեկացուցած է Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մասին: Ան ըսած է, որ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման ամէնէն լուրջ խոչընդոտը Հայաստանի շարք մը իրաւաքաղաքական փաստաթուղթերուն մէջ, յատկապէս սահմանադրութեան մէջ «Ազրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջներու» գոյութիւնն է:
Պայրամով նաեւ բողոքած է, որ Հայաստանի մէջ շարունակուող «վրէժխնդրական միտումներու» լոյսին տակ տարբեր պետութիւններու կողմէ Երեւանին զինուորական աջակցութեան աճը «կը վնասէ» շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերուն:


