Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա հոկտեմբերին երկկողմանի հանդիպում պիտի ունենան Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք Միջխորհրդարանական միութեան 149-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ` քննարկելու շրջանին մէջ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ ըսած է Միջխորհրդարանական միութեան մամլոյ քարտուղար Թոմաս Ֆիցսիմոնսը:
«13-էն 17 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ Միջխորհրդարանական միութեան 149-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի խորհրդարաններու նախագահներու երկկողմանի հանդիպում տեղի պիտի ունենայ:
«Այս հանդիպման ստոյգ օրը տակաւին յայտնի չէ: Անոնց հանդիպումը նպատակ ունի շրջանին մէջ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերուն խորհրդարանական դիւանագիտութեան տարր ներմուծել», ըսած է ան:
Երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարները հանդիպած են 16 մայիսին` Միջխորհրդարանական միութեան խորհրդարաններու նախագահներու 6-րդ համաշխարհային ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ: