Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբազան Շարժումի Հազարաւոր Համակիրներու Հաւաքը Մարզահամերգային Համալիրին Մէջ

September 24, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի օր Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբազան շարժումի հազարաւոր համակիրներուն հաւաքը, որուն նպատակը վճռական պայքարի սկիզբը յայտարարելն էր:

Հաւաքը սկսաւ Հայաստանի ու Արցախի պետական քայլերգներով: Տէրունական աղօթք եւ օրհնութեան խօսք արտասանեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան:

Հաւաքի ընթացքին ցուցադրուեցաւ ժապաւէն` Սրբազան պայքարի նախորդ ամիսներուն կազմակերպած գործողութիւններէն:

ՀՅԴ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան դիմելով հաւաքի մասնակիցներուն ըսաւ. «Այդ կռիւը տուած ենք, մեր վրայ մահակներ կիրարկած են, նռնակներ նետած, բայց դուք աննահանջ կռուած էք մինչեւ վերջ: Եւ կ՛ուզեմ ըսել, որ պայքարը չէ աւարտած եւ նոյնինքն հիմա կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք ու պիտի հասնինք յաղթական աւարտին, որովհետեւ դուք ոչ մէկէ կը վախնաք: Ո՛չ թշնամին, ո՛չ ալ այս իշխանութիւնները կրնան մեզ ետ կանգնեցնել մեր իղձերէն ու նպատակներէն», ըսաւ ան:

Գառնիկ Դանիէլեան դիմեց դահլիճին մէջ ներկայ արցախցիներուն. «Ես կ՛ուզեմ մեր արցախցի քոյրերուն ու եղբայրներուն ըսել, որ իրենք այստեղ հիւր չեն, որ սա իրենց տունն է, մեր բոլորի հայրենիքն է, եւ այս ապազգային իշխանութիւնները վռնտելէ ետք մենք պիտի վերադառնանք մեր Արցախ, պիտի վերադառնանք մեր տուները»:

Հաւաքի ժամանակ ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի չկատարած խոստումներուն մասին:

Ելոյթ ունեցան 44-օրեայ պատերազմի հերոս Մխիթար Գալէեանի մայր Աստղիկ Գալէեանը, «Ճենեսիս Արմինիա» ուղեղային կեդրոնի հիմնադիր Աբրահամ Գասպարեանը եւ արցախցի Արեգա Յովսէփեանը:

Հաւաքի աւարտին Բագրատ սրբազանը յայտարարեց. «Մեր պայքարի աշխուժ շրջանը կը վերսկսինք, հոկտեմբեր 2-ին` ժամը 18:30-ին, կը հաւաքուինք Հանրապետութեան հրապարակին մէջ»:

«Կը մտնենք պայքարի եռանդուն եւ հետեւողական փուլ, յամառ, աննահանջ, համբերատար պայքարի փուլ, յաղթանակով երաշխաւորուած: Բոլոր անյաջողութիւնները, թերացումներն ու սխալները իմս են, բացառապէս իմս, իսկ յաղթանակը` ձերը եւ միայն ձերը», յայտարարեց ան:

Հաւաքէն ետք Բագրատ սրբազանը աջակիցներուն հետ երթով ուղղուեցաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ` յարգելու անմեղ զոհերու յիշատակը:

«Կոչում ունինք Ծիծեռնակաբերդ այցելել եւ ուխտ կնքել, որ այս պայքարին մէջ անդաւաճան պիտի մնանք», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Հայաստանը Խաղաղութեան Պայմանագիրի Իր Տարբերակէն Վերցուցած Է Բոլոր Չհամաձայնեցուած Կէտերը»

Յաջորդը

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այլ Բաներու Կարգին Կարեւոր Կը Նկատէ Արցախահայութեան Ինքնորոշման Իրաւունքի Գործադրումը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.