Երեւան «արհեստականօրէն կը ձգձգէ» Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Այս մասին Ազրպէյճանի խորհրդարանին մէջ պնդած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Մինչեւ օրս Ազրպէյճանն ու Հայաստանը տասը անգամ փոխանակած են խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի մեկնաբանութիւնները: Երբ քանի մը ամիս անցաւ, մենք բնականաբար կը սպասէինք, որ Հայաստանը աւելի արագ եւ գործնական կերպով մեզի պիտի ներկայացնէ իր մեկնաբանութիւնները: Սակայն մենք կը տեսնենք, որ տեղի կ՛ունենայ ճիշդ հակառակը:
«Մենք ստիպուած էինք 70 օր սպասել, մինչեւ անոնցմէ ստացանք վերջնական տարբերակը: Բոլոր չհամաձայնեցուած կէտերը վերցուած էին խաղաղութեան պայմանագիրի անոնց տարբերակէն: Այսինքն` նման պարզունակ ու ոչ պատշաճ քայլը, անկեղծ ըսելով, անսպասելի էր», ըսած է Ալիեւ:


