Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի Արցախի հայաթափման միամեակին վերաբերեալ հրապարակած է յատուկ յայտարարութիւն մը: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը պաշտօնական աշխուժ հաղորդակցութեան մէջ եղած է նախարար Ժոլիի հետ: Յայտարարութեան մէջ տեղ գտած ձեւակերպումները լիովին կը համապատասխանեն Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններուն:
ՀՅԴ Բիրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը ներկայացնէ Ժոլիի յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը նշուի.
«Անցեալ շաբաթ լրացաւ մէկ տարին, երբ Ազրպէյճանը զինուորական գործողութիւն շղթայազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` դարեր շարունակ հայերով բնակուած շրջանին մէջ: Այս գործողութեան հետեւանքները ծանր էին, ատոր պատճառով աւելի քան 100.000 խաղաղ բնակիչներ, ներառեալ 30.000 երեխաներ, բռնի տեղահանուեցան Հայաստան` երկրին մէջ յառաջացնելով մարդասիրական կարիքներու արագ աճ:
«Ազրպէյճանի կողմէ չարդարացուած զինուորական գործողութեան նախորդած էր Լաչինի միջանցքով մարդասիրական ապրանքներու անցման իննամսեայ շրջափակումը, ինչ որ խախտած էր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի ժամանակաւոր միջոցի կիրարկման մասին որոշումը:
Քանատան համերաշխ է այս ճգնաժամէն վնասուած մարդոց հետ եւ երախտապարտ է Հայաստանին իր դռները բանալուն համար: Այդ իսկ պատճառով 2023 թուականին մենք աւելի քան 3,9 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութենէն բխող հրատապ կարիքները լուծելու համար:
«Քանատան կը շարունակէ կոչ ուղղել եւ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման ուղղուած բովանդակալից բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ կողմերու միջեւ երկխօսութեան ու վստահութեան ամրապնդման քայլերու շարունակման` այս շրջանի ժողովուրդին համար արդար եւ տեւական խաղաղութեան համար:
«Քանատան բազմիցս կոչ ուղղած է անվերապահօրէն ազատ արձակելու 2020 թուականի ղարաբաղեան պատերազմի բոլոր հայ պատերազմական գերիները: Մենք նաեւ կը շարունակենք կոչ ուղղել ազատ արձակելու Ազրպէյճանի կողմէ կամայականօրէն ձերբակալուած բոլոր հայերը:
«Քանատան կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բանակցային քաղաքական լուծման եւ կ՛աջակցի ուժի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան յարգման սկզբունքներուն եւ ինքնորոշման իրաւունքին` այս շրջանի ժողովուրդին համար արդար եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու բանակցութիւններուն մէջ: Ասիկա պէտք է ենթադրէ հայ խաղաղ բնակիչներու վերադարձի անվտանգ եւ արժանապատիւ իրաւունքը, երաշխաւորէ մարդու իրաւունքներու ու քաղաքացիական կենսամիջոցներու պաշտպանութիւնը եւ տարածքին մէջ հայկական մշակութային ու պատմական վայրերու պահպանումը»:
«Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքները Քանատայի թէ՛ գործադիր, թէ՛ ալ օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ` ղարաբաղեան հիմնախնդիրի ներկայ փուլին շուրջ քանատական կողմի առարկայական դիրքորոշումները պահպանելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ», նշուած է ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ: