Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Կը Վերադառնայ Սինկափուր Ռետ Պուլի Հետ, Որ Այժմ 2-րդ Դիրքը Կը Գրաւէ

Սեպտեմբեր 21, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին 3 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն կը վերադառնայ Սինկափուր, ուր 55 յաջորդական մրցումներէ ետք առաջին անգամ ըլլալով Ռետ Պուլ ետ մնացած է խմբային դասաւորման պարագլուխէն:

Արդարեւ, անցեալ շաբաթ Պաքուի կրան փրիին Ռետ Պուլ գրաւած էր 5-րդ դիրքը, մինչ Մաքլարեն գրաւած էր առաջին (Փիասթրիի հետ) եւ չորրորդ դիրքերը (Նորիսի հետ)` գերազանցելով Ռետ Պուլը 20 կէտով: Մաքլարեն 476 կէտ ունի, մինչ Ռետ Պուլ` 456: Ֆեռարի կը գրաւէ 3-րդ դիրքը` 425 կէտով:

Սինկափուրի մէջ տեղի ունենալիք  վաղուան կրան փրին, որ օրացոյցի 18-րդն է այս տարուան, պիտի ըլլայ Ասիոյ վերջինը` մինչեւ տարուան վերջին կրան փրիները` Քաթարի եւ Ապու Տապիի մէջ, դեկտեմբերին:

Գիշերով տեղի ունենալիք այս մրցումը 2023-ի միակն էր, որ Ռետ Պուլ ոչ միայն չէր կրցած շահիլ, այլ Վերշթափըն եւ Փերես չէին կրցած փոտիում նոյնիսկ բարձրանալ:

Ուրեմն այս մրցումին Ռետ Պուլի ձախողութիւն մը եւս անակնկալ չի կրնար ըլլալ: Անցեալ տարիներու ախոյեան Ռետ Պուլ վերջին 7 մրցումներուն չէ կրցած յաղթանակ արձանագրել: Աւելի՛ն, Վերշթափըն 8 մրցումներէ ի վեր միայն 2 անգամ բարձրացած է փոտիում եւ 84 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք, այժմ 59 կէտի առաւելութիւն ունենալով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` Բ. դիրքը գրաւող Նորիսի վրայ:

Վերշթափըն իր ինքնաշարժէն չ՛օգտուիր, այլ կ՛օգտուի մրցակիցներու մրցակցութենէն: Անոնք իրարմէ կէտեր կը խլեն, եւ ինք կը պահէ որոշ առաւելութիւն մը միայն:

«Մենք շատ բաներ սորվեցանք անցեալ շաբթուան կրան փրիէն եւ կրնանք քանի մը նոր բաներ փորձել», ըսաւ Վերշթափըն, որ տակաւին չէ կրցած որեւէ յաղթանակ ապահովել Սինկափուրի շրջավազքին վրայ, որ միշտ ալ անձրեւներու, արկածներու եւ «սէյֆթի քար»-ի (ապահովութեան ինքնաշարժ) ելոյթներով հարուստ կ՛ըլլայ:

«Մարինա Պէյը շատ գեղեցիկ շրջավազք մըն է, բայց կը նախատեսենք, որ պայքարով լեցուն մրցում մը պիտի ըլլայ: Կը կարծենք, թէ գիտենք, որ աւելի լաւ կրնանք ընել եւ պէտք է ինքնաշարժը պահենք զսպուած աւելի դանդաղ արագութիւններու վրայ, որպէսզի ինքնաշարժը չցատկի: Պայքարը պիտի շարունակենք ախոյեանութեան… Մենք կը յաղթենք ու կը պարտուինք խումբի ձեւով եւ պիտի շարունակենք աւելի լաւ ձեւով` վերադառնալու շահելու ճամբան», նշեց Վերշթափըն:

Ըստ անցեալի փորձառութիւններուն, Մաքլարեն, Ֆեռարի եւ Մերսետես աւելի ուշադիր պէտք է ըլլան իրենց առնելիք քայլերուն, եթէ կ՛ուզեն լրջօրէն պայքարիլ ախոյեանութեան համար` նկատի ունենալով, որ տարբեր 7 վարորդներ շահած են այս տարեշրջանի 17 նախկին կրան փրիները, մինչ վերջին 3 մրցումներուն տարբեր վարորդներ շահեցան:

Փերես 2022-ին շահած էր Սինկափուրի մէջ, մինչ մեքսիքացի վարորդը 8-րդ դիրքը գրաւած էր անցեալ տարի եւ փոտիում բարձրացած չէ անցեալ ապրիլէն ի վեր: Ան վերջին կրան փրիին վերջին շրջանին զարնուեցաւ Սայնցի հետ` 3-րդ դիրքի պայքարի պահուն, բայց Փերես միշտ ալ լաւ արդիւնք ձեռք ձգած է ճամբու վրայ տեղի ունեցած շրջավազքերու կրան փրիներու, ինչպս է պարագան Սինկափուրի:

«Կիրակի գիշեր կ՛ուզեմ, որ առիթը ունենանք ըսելու, որ մեր կարելին ըրինք շահելու այս կրան փրին, եւ այդ պիտի ըլլայ մեր կեդրոնացումի թիւ 1 կէտը», ըսաւ Վերշթափընի խմբակից Փերես:

Մինչ Մաքլարենի վարորդ Նորիս 2-րդ դիրքը գրաւեց 2023-ին` Սինկափուրի մէջ, իր խմբակից Օսքար Փիասթրի բոլորէն աւելի կէտեր ձեռք ձգած է վերջին 7 կրան փրիներէն եւ շահեցաւ անցեալ շաբթուան Պաքուի կրան փրին:

Ֆեռարիի վարորդ Շարլ Լըքլեր Մոնցայի մէջ շահեցաւ, փոլ փոզիշընէն սկսաւ Պաքուի կրան փրին եւ գրաւեց Բ. դիրքը Պաքուի մէջ, մինչ Սայնց, որ իր 200-րդ կրան փրին պիտի կատարէ այս կիրակի, բախեցաւ Փերեսի հետ:

«Զտումի մրցումը այսօր շատ կարեւոր է Մարինա Պէյի մէջ, եւ շատ լաւ պատրաստուած ենք անոր եւ այդ պատճառով ալ մեծ դժուարութիւն պիտի պատճառենք մեր մրցակիցներուն», ըսաւ Ֆեռարիի պատասխանատու Ֆրետ Վասէօր:

Մերսետեսի 7 անգամ աշխարհի ախոյեան Լուիս Համիլթըն մինչ այդ առիթ ունի վաղը շահելով հաւասարիլ Սեպասթիան Ֆեթելի մրցանիշին (5 անգամ Սինկափուրի ախոյեան):

 

Նախորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Մոնաքօ – Պարսելոնա 2-1. Ռայա Փրկեց Արսենալը

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Էմպիիտ 3 Տարիով Կ՛երկարաձգէ Իր Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?