«Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ օրուան մրցումներուն ամբողջացան առաջին հանգրուանի մրցումները` քանի մը անակնկալ արդիւնքներով:
Մոնաքօ Ֆրանսայի մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատեց Պարսելոնան, որ այս տարեշրջանին առաջին պարտութիւնը կրեց (պաշտօնական մրցումներու գծով) գերմանացի մարզիչ Հանզի Ֆլիքի հետ:
Պարսելոնայի գերմանացի բերդապահ Մարք Անտրէ Թեր-Շթեկըն սխալներով «հարուստ» մրցում մը ունեցաւ: 11-րդ վայրկեանին անոր մէկ տկար փոխանցումէն օգտուեցաւ Մոնաքոյի յառաջապահ Թաքումի Մինամինօ, որ կոշտ ֆաուլի ենթարկուեցաւ Էրիք Կարսիայէն եւ կարմիր քարտով վտարուեցաւ դաշտէն: 5 վայրկեան ետք Մանս Աքլիուշ նշանակեց Մոնաքոյի առաջին կոլը` զօրաւոր հարուածէ մը ետք:
28-րդ վայրկեանին Լամին Եամալ անզսպելի հարուածով մը նշանակեց Պարսայի հաւասարութեան կոլը:
18 տարեկան Ճորճ Իլենիխենա օգտուեցաւ Թեր Շթեկընի սխալ փոխանցումէն եւ զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց Մոնաքոյի 2-րդ կոլը, 71-րդ վայրկեանին:
Միւս կողմէ, Արսենալ բաւական բախտաւոր հաւասարութեամբ հեռացաւ Իտալիոյ Աթալանթա Պերկամոյի դաշտէն: Անցեալ եղանակի «Եուրոփա լիկ»-ի տիտղոսակիր Աթալանթա 51-րդ վայրկեանին ձեռք ձգեց փենալթի մը: Յառաջապահ Մաթէօ Ռեթեկի հարուածեց փենալթին, բայց Տաւիտ Ռայա զսպեց գնդակը, որ վերադարձաւ Ռեթեկիի… Այս վերջինիս գլխու հարուածը եւս կրցաւ զսպել Ռայա հերոսական ձեւով:
Բ. կիսախաղին Աթալանթա շատ ճնշեց Արսենալի բերդին վրայ, որ սակայն մնաց անառիկ: Աթալանթայի անցեալ տարուան աւարտականի մրցակիցը` Պայեր Լեւերքուզըն, 4-0 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակով վերադարձաւ Ռոթերտամէն (Նետերլանտներ):
Ֆլորիան Վիրց (2), Կրիմալտօ եւ Վելենրէօթըր (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Լեւերքուզընի կոլերը` Ֆեյենուրտի դէմ:
Ֆրանսական Պրեսթ ակումբը, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր եւրոպական մրցաշարքի մը, կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթել աւստրիական Շթուրմ Կրաց ակումբին, Կենկանի դաշտին վրայ:
Ռետ Պուլ Լայփցիկ 4-րդ վայրկեանին կրցաւ անակնկալի բերել Աթլեթիքօ Մատրիտը Սպանիոյ մէջ, երբ Պենիամին Շեշքօ նշանակեց անակնկալ կոլ մը, սակայն սպանական ակումբը նախ Անթուան Կրիզմանի (28-րդ վայրկեան) եւ շատ ուշ Խոսէ-Մարիա Խիմենեսի կոլերուն (90-րդ վայրկեանին) շնորհիւ կրցաւ շրջել մրցումին արդիւնքը:
Ստորեւ` հինգշաբթի գիշերուան մրցումներուն արդիւնքները.
Կարմիր Աստղ Պելկրատ – Պենֆիքա 1-2
Ֆեյնուրտ Ռոթերտամ – Պայեր Լեւերքուզըն 0-4
Աթալանթա – Արսենալ 0-0
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ 2-1
Պրեսթ – Շթուրմ Կրաց 2-1
Մոնաքօ – Պարսելոնա 2-1
Նշենք, որ Բ. հանգրուանը կը սկսի 1 հոկտեմբերին: