Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ երէկ երկարաձգեց իր թիւ 1 աստղ Ժոել Էմպիիտին պայմանագրութիւնը 3 յաւելեալ տարիներով` փոխան 193 միլիոն ամ. տոլարի:
Անոր այժմու պայմանագրութեան երկու տարիներուն կողքին անոր 5 տարուան նոր համաձայնութիւնը 301 միլիոն ամ. տոլարի հասաւ:
Ասիկա անշուշտ վերջ դրաւ այն շշուկներուն, թէ Էմպիիտ պիտի լքէ Ֆիլատելֆիան: «Ես սկսայ իբրեւ սիքսըր եւ կ՛ուզեմ հոս մնալ մինչեւ իմ ասպարէզիս աւարտը: Բնաւ գաղափար չունէի, երբ 20 տարեկանիս Քամերունէն եկայ` միանալու Ֆիլատելֆիայի: Ամէն ելեւէջներուս մէջ այս քաղաքը եւ համակիրները ամէն ինչ էին իմ ասպարէզիս մէջ, եւ շատ ուրախ կը զգամ, որքան լաւ ձեւով ընդունեցին զիս, եւ տակաւին կը յարգեն ու կը սիրեն զիս: Շնորհակալութիւն բոլորին: Ֆիլատելֆիան տուն է, եւ ժամանակը հասած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոս մը տուն բերելու», ըսաւ Էմպիիտ: