Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թենենթի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրենց աշխատանքի ամբողջ շրջանին մէջ «Կապոյտ գիծին վրայ մարտական արարքներու մեծ մագլցում» կը տեսնեն:

«Մտահոգ ենք Կապոյտ գիծին երկու կողմերուն վրայ հետզհետէ աճող մագլցումէն եւ առնչակից կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք մագլցումը անմիջապէս նուազեցնելու», աւելցուց ան:

– «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ». «Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը արտակարգ կացութեան յանձնախումբի ժողով մը գումարեց` քննարկելու համար Լիբանանի կացութիւնն ու որեւէ մագլցումի պարագային իր քաղաքացիները հեռացնելու Բրիտանիոյ պատրաստութիւնը»:

– ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Էսփըն Պարթ Իտէ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «առաւելագոյն զսպուածութիւնը ցուցաբերելու, դիւանագիտութեան վերադառնալու եւ քաղաքական լուծումներ գտնելու»:

«Միջին Արեւելքը անդունդի եզրին է, եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ առաւելագոյն ինքնազսպում ցուցաբերելու», ըսաւ ան:

Նորվեկիական դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղեց Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու` ընդգծելով. «Այս ամբողջ ողբերգութեան վերջ տալու լուծումը պաղեստինեան պետութիւնն է»:

– ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց. «Լիբանանի մէջ պայթումներուն օգտագործուածներուն նման որեւէ «Փէյճըր» Պուլկարիա չներածուեցաւ, չարտածուեցաւ կամ այդտեղ չարտադրուեցաւ»:

– «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թայուանի տնտեսութեան նախարարը յայտնած է. «Լիբանանի մէջ պայթած «Փէյճըր»-ի բաղադրամասերը մեր մօտ չարտադրուեցան»:

– ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի մէջ «Փէյճըր»-ներու պայթեցման մեղսակից պուլկարական «Նորթա Կլոպըլ» ընկերութեան սեփականատէր նորվեկիացի Ռենսոն Եոսին 17 սեպտեմբերին` «Փէյճըր»-ներու պայթեցման օրը Օսլոյի արուարձանին մէջ իր տունէն դուրս եկած է ծրագրուած աշխատանքային ուղեւորութեան մը համար, եւ այդ պահէն ի վեր անոր աշխատատէր նորվեկիական ՆՀՍԹ լրատուական խումբի վարչութիւնը չի կրնար անոր հետ կապ հաստատել: Նորվեկիական ոստիկանութիւնը հետաքննութեան ձեռնարկած է:

– ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց. «Լիբանանեան իշխանութիւնները հասան այն եզրակացութեան, որ հաղորդակցութեան սարքերը պայթեցուեցան ելեկտրոնային պատգամներ յղելու ճամբով»:

– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ հետախուզութենէն աղբիւր մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ պայթած «Փէյճըր»-ներու արտադրութեան մէջ դերակատարութիւն ունէր, եւ գործողութիւնը ծրագրուած է 15 տարուան ընթացքին:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը երկար ատենէ ի վեր կը տատամսէր այս մարտավարութիւնը օգտագործելէ, որովհետեւ անմեղներու վրայ անոր վտանգը շատ բարձր է:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած է. «Լարուածութեան մագլցման եւ Հըզպալլայի վրէժ լուծելու հաւանականութեան բարձրացման լոյսին տակ, Իսրայէլեան ղեկավարութիւնը Լիբանանի դէմ պատերազմին ձեւը կը քննարկէ»:

«Իսրայէլացի պաշտօնատարները հարաւային Լիբանանի մէջ սահմանափակ գործողութիւն մը կ՛ուզեն, իսկ ուրիշներ լայնածաւալ յարձակում մը կը նախընտրեն», աւելցուցած է աղբիւրը:

– ՊԵՏԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած է. «Տեղական, արաբական եւ միջազգային ջանքերով մօտեցանք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան»:

 

Նախորդը

Պաքու. «Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Որոշ Խումբեր Կը Փորձեն Սրել Ազրպէյճանական-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները»

Յաջորդը

«Սի. Էն. Էն.»-ի Համաձայն. Ամերիկեան Վարչակազմը Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Համապարփակ Պատերազմը Անխուսափելի Չի Նկատեր

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.