«Սի.Էն.Էն.», մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Պայտընի վարչակազմը չի կարծեր, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ համապարփակ պատերազմը անխուսափելի է, եւ տակաւին յստակ չէ, թէ յառաջիկայ օրերուն Հըզպալլայի վրէժխնդրական որեւէ հակադարձութիւն որքան կարեւոր պիտի ըլլայ»:
Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Ուաշինկթըն Լիբանանի մէջ պայթումներէն 20 վայրկեան առաջ Իսրայէլէն զգուշացում ստացած է, սակայն առանց մանրամասնութիւններու:


