Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Իսրայէլ սկսաւ Լիբանանի վրայ իր յարձակումներուն մէջ աստիճանաբար մագլցում կատարել` պայթեցնելով հաղորդակցութեան սարքեր: Այսպիսի յարձակումները նորութիւն չեն, եւ գաղտնի սպասարկութիւնները զանոնք յաճախակիօրէն կ՛օգտագործեն»:
Ֆիտան «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին մէջ արձանագրուող մագլցումին նկատմամբ` նշելով. «Այժմ հասանք կէտի մը, ուր Իսրայէլի գործադրած այս գործողութիւնները հետզհետէ աւելի սադրիչ դարձան, ուստի Հըզպալլայի, Իրանի եւ անոնց մօտիկ այլ տարրերուն հակադարձելէ բացի այլընտրանք չմնաց»:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` պաղեստինեան բոլոր հողերը` արեւմտեան աջակցութեամբ խլելու ծրագիրը տակաւին կը շարունակուի», ըսաւ ան` շեշտելով. «Կազայի մէջ շարունակուող ջարդ ու ցեղասպանութիւն գոյութիւն ունի, եւ պէտք է ըստ կարելւոյն ջանք թափել զայն դադրեցնելու»:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ Լեհաստանի խորհրդարանի նախագահ Սիմոն Հոլովնիայի հետ Անգարայի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին իր կարգին նշեց. «Կազայի մէջ կը շարունակուի իսրայէլեան յարձակումը, որ հաւանական է, որ դէպի Լիբանան տարածուի»:
Ան ըսաւ. «Լիբանանի մէջ վերջերս իրերայաջորդ կերպով տեղի ունեցած համացանցային յարձակումները ամբողջ մարդկութեան համար զգուշացում դարձան, որովհետեւ այս յարձակումին ահաւոր նպատակները ցոյց կու տան»:
«Եթէ կարելի չըլլայ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնել, ապա կը վախնամ, որ աշխարհը շրջանային եւ միջազգային մեծ տագնապներու մէջ ներքաշուի», նշեց ան` շեշտելով. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ու անոր աւազակախումբը կը շարունակեն իրենց յարձակումը, եւ չեն տատամսիր բոլոր տեսակի ոճիրները գործելու, որովհետեւ կարգ մը երկիրներու, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու անսահման աջակցութիւնը կը վայելեն»: