Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի – Արսենալ

Սեպտեմբեր 21, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանին «գագաթի մրցում»-ը իրար դէմ պիտի հանէ վերջին 3 տարիներու ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին եւ Արսենալը:

Սիթին իր 4 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտեց, մինչ Արսենալ իր 3-րդ մրցումին հաւասարութիւն արձանագրեց Պրայթընի հետ եւ այժմ 2 կէտով ետ կը մնայ Սիթիէն, որ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:

Անցեալ տարեշրջանէն Մանչեսթըր Սիթի չկրցաւ յաղթել Արսենալին եւ պարտութիւն կրեց Լոնտոնի մէջ (1-0), իսկ իր դաշտին վրայ ճերմակ հաւասարութիւն արձանագրեց:

Սիթիէն պիտի բացակային Նաթան Աքէ եւ Քեւին Տը Պրունիէ, որոնք վիրաւոր են, մինչ Արսենալէն պիտի բացակային Միքել Մերինօ, Մարթին Օտըկաարտ, Քիրըն Թիրնի, Թաքեհիրօ Թոմիյասու եւ Օլեքսանտր Զինչենքօ:

Սիթի չորեքշաբթի, օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր առաջին մրցումին չկրցաւ կոլ նշանակել Ինթեր Միլանի դէմ մրցումին առաջին անգամ ըլլալով անցեալ 31 մարտէն ի վեր… Արսենալի դէմ մրցումէն (0-0):

3-րդ դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ, որ անցեալ շաբաթ անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր իր դաշտին վրայ Նոթինկհամ Ֆորեսթէն, պիտի փորձէ վերադառնալ յաղթանակներու ուղին, Պորնմաութի դէմ մրցումին:

Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ

Ուեսթ Համ – Չելսի
Ասթոն Վիլա – Վուլվզ
Ֆուլհամ – Նիւքեսըլ
Լեսթըր – Էվըրթըն
Լիվըրփուլ – Պորնմաութ
Սաութհեմփթըն – Իփսուիչ
Թոթենհամ – Պրենթֆորտ
Քրիսթըլ Փելես – Մանչեսթըր Եունայթըտ

ՎԱՂԸ

Պրայթըն – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Մանչեսթըր Սիթի – Արսենալ

Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ պիտի մրցի Վերտըր Պրեմընի դաշտին վրայ, խումբի մը դէմ, որ տակաւին պարտութիւն չէ կրած: Անցեալ տարեշրջանին Վերտըր Պրեմըն Պայերնի դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրած էր: Պայերնէն պիտի բացակային ֆրանսացի Սաշա Պոյ, Եոսիփ Սթանիշիչ եւ Հիրոքի Իթօ, որոնք վիրաւոր են, մինչ Օլիվըր Պըրք, Մարքօ Ֆրիտըլ եւ Միլոշ Վելիքովիչ պիտի բացակային Վերտըր Պրեմընէն:

Երկրորդ դիրքը գրաւող Տորթմունտ պիտի մրցի անցեալ տարուան փոխախոյեան Շթութկարթի դաշտին վրայ` փորձելով մնալ Պայերն Միւնիխի մօտ:

Ստորեւ` 4-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ

Հայտընհայմ – Ֆրայպուրկ
Վերտըր Պրեմըն – Պայերն Միւնիխ
Ունիոն Պերլին – Հոֆենհայմ
Պոխում – Հոլշթայն Քիլ
Այնթրախթ Ֆրանքֆորըթ – Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ

ՎԱՂԸ

Պայեր Լեւերքուզըն – Վոլֆսպուրկ
Շթութկարթ – Տորթմունտ
Զանքթ Փաուլի – Ռետ Պուլ Լայփցիկ

Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վաղը 4-րդ դիրքը գրաւող Վիարէալ պիտի հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պարսելոնան: Պարսելոնայէն պիտի բացակային Ռոնալտ Արաուխօ, Մարք Պերնալ, Անտրէաս Քրիսթենսըն, Ֆրենքի տը Եոնկ, Կաւի, Ֆերմին Լոփես, Տանի Օլմօ եւ Ֆեռան Թորես, մինչ Վիարէալէն պիտի բացակայի Փետրազա, Ֆոյթ, Քամպուալա եւ Մորենօ:

Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնա քաղաքի Էսփանիոլը: Պրահիմ Տիազ դարձաւ վիրաւոր մը եւս, որ միացաւ Տանի Սեպայոսի, Էտուար Քամավինկայի եւ Տաւիտ Ալապայի:

Ստորեւ` 6-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ

Վայատոլիտ – Ռէալ Սոսիետատ
Օսասունա – Լաս Փալմաս
Վալենսիա – Ժերոնա
Ռէալ Մատրիտ – Էսփանիոլ

ՎԱՂԸ

Խեթաֆէ – Լեղանես
Աթլեթիք Պիլպաօ – Սելթա Վիկօ
Վիարէալ – Պարսելոնա
Ռայօ Վայեքանօ – Աթլեթիքօ Մատրիտ

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 5-րդ հանգրուանին հետաքրքրական մրցումներ տեղի պիտի ունենան, այսօր Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Նափոլին, իսկ վաղը տեղի կ՛ունենայ Միլան քաղաքի տերպին` Ինթերի եւ Ա. Սէ. Միլանի միջեւ:

Եուվենթուս 2 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք 2 յաջորդական հաւասարութիւններ արձանագրեց, մինչ Նափոլի առաջին մրցումին պարտուելէ ետք 3 յաջորդական յաղթանակներ ձեռք ձգեց:

Ինթեր Միլան, որ անցեալ տարի ախոյեանութիւնը շահած էր, 2 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն արձանագրած է եւ 2 տարիէ Ա. Սէ. Միլանին դէմ պարտութիւն չէ կրած` յաղթելով վերջին 6 ճակատումներուն: Ա. Սէ. Միլան 1 յաղթանակ, 1 պարտութիւն եւ 2 հաւասարութիւն արձանագրած է իր առաջին 4 մրցումներուն:

Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Վենեցիա – Ճենովա
Եուվենթուս – Նափոլի
Լեչէ – Փարմա

ՎԱՂԸ

Ֆիորենթինա – Լացիօ Ռոմա
Մոնցա – Պոլոնիա
Ա. Էս. Ռոմա – Ուտինեզէ
Ինթեր Միլան – Ա. Սէ. Միլան

Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 5-րդ հանգրուանին առաւելագոյն կէտերը շահած Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի մրցի Ռենսի դաշտին վրայ, որ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ: Երկրորդ դիրքը գրաւող Մարսէյ հիւրը պիտի ըլլայ Լիոնի, մինչ Մոնաքօ պիտի հիւրընկալէ Լը Հաւրը:

Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Լիլ – Սթրազպուրկ
Ռենն – Լանս
Ռէնս – Փարիզ Սեն Ժերմեն

ՎԱՂԸ

Մոնաքօ – Լըհաւր
Պրեսթ – Թուլուզ
Անժէ – Նանթ
Մոնփելիէ – Օքսեռ
Լիոն – Մարսէյ

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Էմպիիտ 3 Տարիով Կ՛երկարաձգէ Իր Պայմանագրութիւնը

Յաջորդը

Ճատրակ. Աղջկանց Հաւաքականը Յաղթեց. Տղոց Հաւաքականը Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?