Պարսելոնայի կեդրոնի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ յաջորդ ամառ կրնայ հեռանալ Քաթալոնիոյ ակումբէն, ըստ «Սփորթ» կայքին:
Եթէ ուրուկուէյցի պաշտպանը իր գործող պայմանագրութիւնը չերկարաձգէ, մինչեւ յունիս ակումբը պատրաստ կ՛ըլլայ զայն «ծախելու» յառաջիկայ ամառ:
Արաուխօ տակաւին չէ պատասխանած Պարսայի նոր պայմանագիրի առաջարկին, որ մէկ ամիսէն աւելի առաջ ներկայացուած էր: Նախապէս Պայերն Միւնիխ հետաքրքրուած էր 25 տարեկան Արաուխոյով, որ 2018-էն ի վեր կը կրէ Պարսայի շապիկը:
Ինչպէս գիտենք, Պարսելոնայի միակ առիթը, որ օգտուի Արաուխոյէն, զինք «ծախել»-ն է, այլապէս 2026-ին ան ձրիաբար կը լքէ խումբը: