Պայերն Միւնիխի միջնապահ Թոմաս Միւլըր «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով նոյն ակումբին հետ ամէնէն շատ ելոյթ ունենալու մրցանիշ արձանագրեց` Տինամօ Զաղրեպի դէմ կատարելով իր 152-րդ մրցումը:
35 տարեկան Միւլըր գերազանցեց Չաւի Հեռնանտեսի մրցանիշը. վերջինս 151 մրցում կատարած էր Պարսելոնայի հետ:
Մանչեսթըր Սիթիի այժմու մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա շատ մեծ դրուատիքով խօսած է Միւլըրի մասին:
«Թոմաս Միւլըրի նման այլ ֆութպոլիստ չկայ: Ան Պայերնի եւ ընդհանրապէս ֆութպոլի պատմութեան մեծագոյն ֆութպոլիստներէն մէկն է: Ոչ միայն տիտղոսներու քանակին պատճառով, այլ նաեւ այն պատճառով, որ ան միշտ կեդրոնացած է, երբ իր խումբը իրեն պէտք ունի: Աշխարհի բոլոր ֆութպոլասէրները գիտեն, թէ որքա՛ն կարեւոր է ան դաշտին վրայ: Ան խելացի, անկանխատեսելի ֆութպոլիստ է, որ միշտ գիտէ, թէ ո՛ւր պէտք է գտնուի: Երբ ես Միւնիխը սկսայ մարզել, շատ դժուար էր: Եուփ Հայնքես թրիպըլ իրագործած էր: Ես շատ ճամբորդած եմ եւ փորձած գաղափարներ մտցնել: Թոմաս միշտ դրական էր եւ կը հասկնար, որ կը փորձէինք մնայուն բան մը ստեղծել Միւնիխի մէջ: Ես ամէնէն աւելին տպաւորուած եմ Միւլըրէն` 2016-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով Եուվենթուսի դէմ մրցումին, երբ 2-1 արդիւնքով կը պարտուէինք մրցումի աւարտէն 1 վայրկեան առաջ: Ան հաւասարեցուց արդիւնքը, եւ անցանք երկարաձգումի: Մենք յաղթեցինք 4-2 արդիւնքով: Թոմաս ինծի ամէնէն շատ տպաւորեց իր համեստութեամբ` կոլը տօնելու ժամանակ: Այսօր, երբ ֆութպոլիստները կոլ նշանակեն, կը վազեն եւ առանձին կը տօնեն համակիրներուն առջեւ: Թոմաս կը տարբերի կոլը տօնելու առումով` իր ընկերներուն փաթթուելով», ըսաւ Կուարտիոլա, որ 2013-էն 2016 մարզած է Պայերն Միւնիխը:


