Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փէյճըր»-ներուն Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Վերաբերեալ Միջազգային Կեցուածքներ

Սեպտեմբեր 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ դատապարտեց «Լիբանանի մէջ հաղորդակցութեան սարքերուն վրայ իսրայէլեան նենգ յարձակումները, որոնք պատճառեցին շարք մը զոհեր, ներառեալ աղջնակ մը, եւ հազարաւոր վիրաւորներ»:

Ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Ժամալ Ռուշտի նշեց, որ Ապուլ Ղէյթ մեծապէս կը զգուշացնէ «հետեւանքէն Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին դէմ այս վտանգաւոր մագլցումին, որ կը զուգադիպի հարաւային Լիբանանի հետ ճակատին վրայ պատերազմը ընդլայնել ուզող իսրայէլեան ղեկավարներու կողմէ շարունակուող անպատասխանատու յայտարարութիւններուն, ինչ որ շրջանային կացութեան վտանգաւոր կերպով պայթումին մասին կ՛ահազանգէ»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` շրջանին մէջ անվտանգութեան ու խաղաղութեան իսրայէլեան շարունակուող ու անպատասխանատու սպառնալիքներուն նկատմամբ իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու:

Քենաանի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլը ամբաստանեց «հաւաքական սպանդ» գործելու յանցանքով: Նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «սիոնական գոյացութեան ահաբեկչական արարքը` նկատի ունենալով, որ անիկա հաւաքական սպանութեան օրինակ է»:

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանի դէպքը կը փաստէ, որ հակառակ առ երեւոյթ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ձգտելուն, Արեւմուտքը կը զօրակցի սիոնական գործողութիւններուն»:

«Լիբանանի պայթումները Իսրայէլի աջակցող Արեւմուտքի ճակտին ամօթի խարան են», ըսաւ Փեզեշքիան:

Ֆիտան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին հեռաձայնելով ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումներու զոհերուն համար եւ զօրակցեցաւ լիբանանցի ժողովուրդին: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Ֆիտան Միքաթիէն ծանօթացած է դէպքի մանրամասնութիւններուն եւ այս դժուար պահուն Լիբանանի նկատմամբ Թուրքիոյ աջակցութիւնը յայտնած:

Պելֆիքա

Պելճիքայի փոխվարչապետ Փեթրա տէ Սութեր բուռն կերպով դատապարտեց «Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական մեծ յարձակումը»` նշելով. «Պէտք է միջազգային հետաքննութիւն կատարել եւ վերջ տալ արիւնահեղութեան»:

Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել երեքշաբթի գիշեր հեռաձայնած է Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցով նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ խոստացած եւրոպական խորհրդակցութիւններ հրաւիրել` սերտելու համար այն քայլերն ու դիրքորոշումները, որոնք կարելի է որդեգրել` նպաստելու համար մագլցումի զսպման ու լայնածաւալ պատերազմի կանխարգիլման:

Պորել աւելի ուշ յայտարարեց. «Կացութիւնը շատ մտահոգիչ է, եւ չեմ կրնար չդատապարտել այս յարձակումները, որոնք Լիբանանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն»: Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` «խուսափելու համապարփակ պատերազմէ, որ շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս ծանր հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ»:

Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա բուռն կերպով դատապարտեց Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի կողմէ օգտագործուող հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցումը եւ բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի կոչ ուղղեց:

«Բուռն կերպով կը դատապարտենք բարեկամ Լիբանանի եւ անոր քաղաքացիներուն վրայ աննախադէպ յարձակումը, որ անոր գերիշխանութեան յստակ ոտնահարում է եւ ոչ աւանդական զէնքերու օգտագործումով միջազգային օրէնքի վտանգաւոր մարտահրաւէր»:

Քրեմլին իր կարգին մեկնաբանելով դէպքը յայտնեց. «Այս դէպքը կրնայ շրջանին մէջ կացութեան վատթարացման ու վերահսկողութենէ դուրս գալու պատճառ դառնալ»` աւելցնելով, որ պէտք է համապարփակ հետաքննութիւն կատարել:

Ապտելաթի

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ Գահիրէի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Կը զօրակցինք լիբանանցի ժողովուրդին եւ կը դատապարտենք լիբանանեան գերիշխանութեան որեւէ թիրախաւորում»:

Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անդրադառնալով Լիբանանի մէջ պայթումներուն յայտնեց. «Բոլորը պէտք է խուսափին որդեգրելէ քայլեր, որոնք տագնապը մագլցումի կը մղեն»:

«Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած յարձակումէն տեղեակ չէինք, եւ տակաւին տեղեկութիւններ կը հաւաքենք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կարեւոր է գիտնանք, թէ երէկ Լիբանանի մէջ ճիշդ ի՛նչ տեղի ունեցաւ, եւ կը շարունակենք աշխատիլ ատիկա գիտնալու համար»:

Մարթին

Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Մարթին յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ «Փէյճըր»-ի սարքերու յարձակումը յստակ կերպով կ՛ոտնահարէ Ժընեւի համաձայնագիրը եւ մարդոց կեանքերու դիտաւորեալ անտեսում է, որովհետեւ հասարակական վայրերու մէջ կատարուեցան պայթումները»:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Իսրայէլի Հետ Հակամարտութիւնը Գոյութենական Է Եւ Ոչ Թէ Սահմանային»

Յաջորդը

«Փէյճըր»-ները Նախապէս Ականուած Են

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?