Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճիզատէ. «Պաքուն Խաղաղութեան Պայմանագիրը Պիտի Չստորագրէ Երեւանի Ղեկավարած Տարբերակով»

Սեպտեմբեր 18, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան անընդունելի կը նկատէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը, երբ ներկայիս համաձայնեցուած է անոր բնագիրին միայն 80 առ հարիւրը: Այս մասին «Ռիփորթ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ:

«Հայկական կողմը կ՛առաջարկէ կնքել խաղաղութեան պայմանագիր` հիմնուելով ներկայիս համաձայնեցուած կէտերուն վրայ: Սակայն ազրպէյճանական կողմը նման մօտեցումը անընդունելի կը նկատէ եւ բազմիցս յայտարարած է այդ մասին: Կայ կանոն, որ փաստաթուղթը համաձայնեցուած չի նկատուիր, քանի տակաւին անոր բոլոր կէտերը համաձայնեցուած չեն: Կարելի է միայն ըսել, որ այս պահուս փաստաթուղթի կէտերուն մօտ 80 առ հարիւրը համաձայնեցուած է: Սակայն դուք չէք կրնար պարզապէս բացառել չհամաձայնեցուած կէտերը», ըսած է Հաճիզատէ:

Անոր համաձայն, որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիրը կայուն ու յաջող ըլլայ, անհրաժեշտ է յստակացնել այն խնդրայարոյց հարցերը, որոնք կը մնան շարք մը ոլորտներու մէջ:

«Ընդհանուր առմամբ, համաձայնագիրի նախագիծը ստորագրելու համար Հայաստանը պէտք է նախ եւ առաջ համապատասխան փոփոխութիւններ կատարէ իր սահմանադրութեան մէջ, որ ներկայիս տարածքային պահանջներ ունի Ազրպէյճանի նկատմամբ: Որովհետեւ Հայաստանը իր օրէնսդրական հռչակագիրներէն չէ բացառած այդ պնդումները, երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», ընդգծած է Հաճիզատէ:

Անդրադառնալով շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու բացման` ան ըսած է, որ Ազրպէյճանը միշտ կողմնակից եղած է անոնց բացման:

«Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներու` 10 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութեան ծիրին մէջ տեւական ժամանակ ջանքեր գործադրուած են այդ հոլովոյթը յառաջ մղելու համար: Հայկական կողմը որոշակի պարտաւորութիւններ ստանձնած է այդ փաստաթուղթի ծիրին մէջ: Եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ յստակ գրուած է, թէ ի՛նչ պարտաւորութիւններ ունի Հայաստանը, եւ ինչպէ՛ս պիտի կազմակերպուի փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան վերահսկողութիւնը:

«Սակայն Հայաստանը գրեթէ 4 տարի է չէ կատարած իր պարտաւորութիւնները` Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ կապող հաղորդակցութիւններու բացման հարցին մէջ:

«Ատիկա հաշուի առնելով` Ազրպէյճանը նկատի ունեցած է այլընտրանքային ուղիներ: Օրինակ, Ազրպէյճանը համաձայնագիր ստորագրած է Իրանի տարածքով ինքնաշարժային եւ երկաթուղային ճամբու կառուցման մասին, որ ուղիղ հաղորդակցութեան կապ պիտի ապահովէ Նախիջեւանի հետ:

«Այս տարիներուն ընթացքին կատարուած աշխատանքը ապացոյց է, որ ի տարբերութիւն Հայաստանի, Ազրպէյճանը ծանրակշիռ ներդրում ունի շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային միջանցքներու զարգացման գործին մէջ:

«Եթէ հայկական կողմը իսկապէս շահագրգռուած է շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու բացումով, պէտք է կատարէ ստանձնած պարտաւորութիւնները: Երեւանը իր ապակառուցողական կեցուածքով անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ ինքնամեկուսացման քաղաքականութիւն կը վարէ», ըսած է Հաճիզատէ:

 

Նախորդը

Փարիզ Յոյս Ունի, Որ Նախքան ՔՈՓ29-ը Պաքու Պիտի Ապացուցէ Խաղաղութեան Հասնելու Իր Փափաքը

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Մամուլի Ասուլիսին Ընթացքին Շեշտուեցաւ Արցախի Հարցը Հետապնդելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?