Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Խմբակցութեան Մամուլի Ասուլիսին Ընթացքին Շեշտուեցաւ Արցախի Հարցը Հետապնդելու Կարեւորութիւնը

Սեպտեմբեր 18, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 սեպտեմբերին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Սէյրան Օհանեան եւ Գեղամ Մանուկեան հանդէս եկան մամլոյ միացեալ ասուլիսով մը, որուն ընթացքին ամփոփեցին խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:

«Ազգային ժողովի նիստն ու այս ճեպազրոյցը կը կայացնենք Հայաստանի համար բաւականին բարդ ռազմաքաղաքական պայմաններու մէջ, երբ Հայաստանի նկատմամբ ճնշումներն ու պարտադրանքները «դրացիներու» կողմէ կը շարունակուին», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան:

Ըստ անոր, ամէնէն ցաւալին այն է, որ այդ բոլորը տեղի կ՛ունենան այնպիսի ժամանակ, երբ կ՛ամբողջանայ մեր հայրենակիցներուն` արցախահայերու, բռնագաղթեցման 1 տարին: «Երբ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը գտնուի Պաքուի բանտերուն մէջ, եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ոչ մէկ քայլ կը կատարուի` զանոնք վերադարձնելու ուղղութեամբ: Երկու տարի անցած է այն գործողութիւններէն, երբ Ջերմուկի հատուածին մէջ ազրպէյճանցիներ ներթափանցեցին, եւ այսօր գործուն գործողութիւններ չեն իրականացուիր` զանոնք Հայաստանի տարածքէն դուրս մղելու համար: Մեզի համար Արցախի հարցը ամէնէն ցաւալին է եւ անիկա չէ վերջացած: Արցախի համար տագնապը չէ աւարտած, Ազրպէյճանը իր յանցագործ գործողութիւններով անցեալ տարի բռնաթափեց ամբողջ Արցախը եւ ատոր համար Ազրպէյճանը պէտք է պատասխան տայ: Այսօր հակառակն կ՛իրականացուի. Ազրպէյճանը, ըլլալով նախայարձակ երկիր, կը փորձէ Հայաստանի վրայ դնել նախայարձակ երկրի վրայ դրուող բոլոր պատժամիջոցները»:

Օհանեան պնդեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պարզապէս հրաժարեցան Արցախի վերաբերեալ որեւէ ռազմավարութիւն մշակելէ:

Անդրադառնալով խաղաղութեան գործընթացին` Օհանեան ըսաւ. «Խաղաղութիւն չեն մուրար, խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ արժանապատիւ»: Ան աւելցուց, որ խաղաղութեան գործընթացը միակողմանի պարտադրանքի եւ ճնշումներու արդիւնք է: «Սա նման է սահմանազատման այն գործընթացին, երբ որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունէր, բայց միակողմանի զիջումներ իրականացուեցան: Ազրպէյճանի նման հռետորաբանութեան իրավիճակին մէջ շատ դժուար է մտածել խաղաղութեան մասին: Խաղաղութեան պայմանագիրը պարզապէս խաբկանք է կամ անիկա պարզապէս շեղում է իրողութենէն», յայտնեց Օհանեան:

Ըստ Գեղամ Մանուկեանի, ամիսներ առաջ «Հայաստան» խմբակցութեան 4 պատգամաւորներով կարելիութիւն ունէին ծանօթանալու այն փաստաթուղթին, որ կը քննարկուի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ, սակայն, «երբ սկսանք բարձրաձայնել մեր անհանգստութիւնները, անկէ ետք Փաշինեանի կամայական որոշումով մեզի արգիլուեցաւ»:

Ան աւելցուց, որ իրենք դարձեալ դիմած են արտաքին գործոց նախարարութեան, սակայն դարձեալ մերժում ստացած են: «Այդ պայմանագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ երթեւեկի հաղորդակցութեան հարցը հանուած է: Կ՛ենթադրեմ, որ 3 կէտերը հանուած են` անոնք, ուր հայկական շահ եղած է: Ազրպէյճանը ի նպաստ Հայաստանի կէտերը հանած է է դրոյթներէն: Իրականութեան մէջ, Նիկոլ Փաշինեանին միայն սպիտակ թուղթ պէտք է, որ 2021 թուականի այն մուրճէն ետք մէկ ձեռքի մէջ ալ սպիտակ թուղթ ունենայ, որպէսզի ըսէ` տեսէք ժողովուրդ, ձեզի բերի խաղաղութիւն: Այս բոլորը հաշուի առնելով` կարելի է ըսել, որ այս բոլորին նպատակը իրենց իշխանութիւնը երկարաձգելն է` հետագայ բոլոր խնդիրները ձգելով յաջորդ սերունդներուն, ղեկավարներուն»:

Անդրադառնալով զինուած ուժերու մարտունակութեան` Մանուկեան ըսաւ, որ անոր կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը բարոյահոգեբանական մթնոլորտն է:

Նախորդը

Հաճիզատէ. «Պաքուն Խաղաղութեան Պայմանագիրը Պիտի Չստորագրէ Երեւանի Ղեկավարած Տարբերակով»

Յաջորդը

Քոնկրեսի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնախումբը 19 Սեպտեմբերին Պիտի Քննարկէ Արցախի Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?