Հայաստան այցելող Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Փարիզ յոյս ունի, որ նախքան նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՔՈՓ29-ը Պաքու պիտի ապացուցէ խաղաղութեան հասնելու իր փափաքը:
«Հայաստան խաղաղութիւն կ՛ուզէ, Ֆրանսա խաղաղութիւն կ՛ուզէ, միջազգային հանրութիւնը խաղաղութիւն կ՛ուզէ, եւ որովհետեւ Ազրպէյճան շուտով պիտի հիւրընկալէ ՔՈՓ29-ը, անոր պատասխանատուութիւնը ցոյց տալն է, որ անկեղծօրէն կը փափաքի հասնիլ այդ խաղաղութեան` նախքան ՔՈՓ29-ը: Կը կարծեմ, թէ պէտք է կարենանք յառաջ ընթանալ այս նիւթին շուրջ շատ արագ», յայտարարեց Սեժուռնէ:
Ան նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ նախ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ, ապա վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սեժուռնէ յայտարարեց նաեւ, որ Փարիզ կ՛աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կարելի եղածին չափ արագ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան, որ պիտի հաստատէ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն: Նոյն սկզբունքները, ըստ Սեժուռնէի, պէտք է նաեւ հիմք հանդիսանան սահմանագծման գործընթացին:
«Պայմանագիր մը, որ պիտի յարգէ գերիշխանութիւնը եւ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը: Ասիկա Ալմա Աթայի մէջ 1991-ին ստորագրուած փաստաթուղթին ամբողջ իմաստն է, եւ Փրակայի մէջ 2022-ին քաղաքական հանրութեան այս նոյն գաղափարը ներկայացուած է», աւելցուց Սեժուռնէ: