Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանի յայտնեց. «Կը ծրագրենք մօտ օրէն ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացման ժամանակացոյց մը յայտարարելու»: Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ»-ը:
Ըստ լրատու գործակալութեան, Սուտանի շեշտած է. «Ամերիկեան ուժերը այլեւս Իրաքի մէջ պէտք չեն, որովհետեւ յաջողեցան պարտութեան մատնել ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը»:


