Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Էտուըրտ Մարքի Պոսթընի մէջ հայ համայնքի ղեկավարութեան հետ Ազրպէյճանի պաշտօնատարները Արցախի վրայ յարձակումին համար հաշուետուութեան ենթարկելու ջանքերը, տեղահանուած արցախահայութեան կարիքները եւ հայ քաղաքական բանտարկեալներու կալանաւորման հարցը ՔՈՓ29-էն առաջ քննարկելու կլոր սեղանի մը ընթացքին յայտնած է.
«Նկատի ունենալով Ազրպէյճանի հանածոյ քարիւղի պետական հովանաւորութեամբ արտադրութեան անհաւատալի կախեալութիւնն ու անոր մարդու իրաւունքներու վատ վիճակը, մեծապէս անհանգստացած եմ, որ Ազրպէյճանը իբրեւ ՔՈՓ29-ը հիւրընկալելու երկիր ընտրուած է:
«Փոխանակ պարգեւատրուելու մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնքները շարունակաբար խախտելուն համար, մինչ յարձակումներ կը գործէ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անմեղ քաղաքայիններ կը տեղահանէ եւ ապօրինաբար կը պահէ հայ բանտարկեալներ, Ազրպէյճանը պէտք է նախ եւ առաջ սրբագրէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումները եւ քարիւղէն ու կազէն հրաժարելու գիտական կարիքին իսկական յանձնառութիւն ցոյց տայ, եւ ոչ թէ երկու ճակատներուն վրայ իր վատ արարքները սաստկացնէ»: