Պատերազմական գերիներու վերադարձի հարցին մէջ Ազրպէյճան պարտաւորութիւն չունի ազատ արձակելու «ռազմական յանցագործները եւ անջատողական վարչակարգին ներկայացուցիչները», յայտարարեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
«Ազրպէյճան, հաւատարիմ մնալով մարդասիրութեան սկզբունքին, Հայաստանին փոխանցած է բոլոր պատերազմական գերիները, սակայն, անոնք (պատերազմական գերիները) զանգուածային ձերբակալութիւններու եւ հետապնդումներու ենթարկուած են հայկական պետութեան կողմէ, բան մը, որ յատուկ զարմանք կը յառաջացնէ այդ պետութեան կողմէ իր քաղաքացիներուն հանդէպ «հոգատարութեան» շրջագիծին մէջ», յայտնեց Հաճիզատէ: