– ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի պետական պաշտօնեաներու, ներառեալ պաշտօնավարող եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներու աշխատավարձերու սրբագրման ամբողջական ծրագիրի մը վրայ, եւ Միքաթի վարչապետարանի քարտուղարութեան ցուցմունք տուած է պատրաստելու պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաներուն առժամեայ փոխհատուցում տալու հրամանագիրի նախագիծը` վաւերացման համար զայն խորհրդարանին ներկայացնելու համար:
Գրասենեակը կ՛աւելցնէ, որ այդ նախագիծին պատրաստութիւնը աւարտած է եւ անիկա ուղարկուած է Պետութեան խորհրդատուական խորհուրդին, որպէսզի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան ներկայացուելէն առաջ ծրագիրին շուրջ իր կարծիքը տայ:
Միքաթիի գրասենեակը յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներու եւ զինուորներու պահանջներուն կառավարութիւնը քննադատելու համար շահագործելու որեւէ փորձ անօգուտ է:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը յայտարարեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան կատարած հսկողութեան ու հետապնդման շնորհիւ ազատագրուած են Պըրժ Պարաժինա գաղթակայանի բնակիչ պաղեստինցիները, որոնք նախապէս առեւանգուած էին:
Նշեալ պաղեստինցիները առեւանգուած էին Պեքաայի շրջանին մէջ, եւ անոնց ազատ արձակման համար փրկագին պահանջուած էր:
– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա լուսարձակներէ հեռու հանդիպումներ կ՛ունենայ` առ ի պատրաստութիւն Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններուն շաբաթ օրուան հանդիպումին:
Երեսփոխանական եւ դիւանագիտական աղբիւրներ, սակայն, «Ժումհուրիա»-ին յայտնած են, թէ շաբաթ օր դեսպաններու Ֆրանսայի դեսպանատան կամ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին տան մէջ նշեալ ժողովի կարելիութեան շուրջ կասկածներ սկսած են երեւան գալ:
– ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթի սեփական տեղեկութիւններուն համաձայն, հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը եւ Կազայի պատերազմն ու հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումի հարցը իրարմէ անջատուած են, եւ Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակը այդ հիմամբ` տեղական ու միջազգային համամտութեամբ վերսկսած է գործել:


