ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
1. Կարտինալ Աղաճանեան սուրբ պատարագ մատուցանելու ընթացքին. 2. Կարտինալ Աղաճանեան Սէուլի մայր տաճարին մէջ. 3. Կարտինալ Աղաճանեան աղօթքի պահուն
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարք եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց: Անձամբ այցելութիւն տուաւ հայ համայնքներուն` Իրաք, Յորդանան, Եգիպտոս, Յունաստան, Թուրքիա, Իրան, Ֆրանսա եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկա: Իր ջանքերով կառուցուեցան 12 եկեղեցիներ, 15 դպրոցներ, երկու որբանոցներ եւ երկու հոգեւոր ճեմարաններ: Ան նաեւ բազմաթիւ հոգեւորականներ ձեռնադրեց: 1947-ին հիմնեց «Մասիս» կրօնական, հասարակական, քաղաքական եւ գրական շաբաթաթերթը:
Կարտինալ Աղաճանեան Պէյրութի պատրիարքական նստավայրի բակին մէջ 1939-ին կանգնել տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան:
* * *
Խորհրդային Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ կարտինալին հայրենի Ջաւախքէն սրտաճմլիկ լուրեր կը հասնէին: Ստալինեան հալածանքները, մաքրագործումները եւ դէպի Սիպերիա զանգուածային աքսորները, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասած էին 1937-1938-ին, նոր թափով վերսկսան Բ. Աշխարհամարտէն ետք:
Միւս կողմէ, Ջաւախքի հայ կաթողիկէներուն առջեւ իրերայաջորդ փորձութիւններ կը ծառանային: Եկեղեցիները (որոնց շարքին` Ախալցխայի Աղաճանեաններու տան մօտ գտնուող Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եկեղեցին) կը քանդուէին, եւ հոգեւորականները բռնարարքներու կ՛ենթարկուէին ու կը մաքրագործուէին: Ջաւախք սահմանային գօտի նկատուած էր: Կաթողիկէ հայերը արտասահմանի հետ կապուած անվստահելի տարր կը համարուէին, իսկ հոգեւորականները` Վատիկանի գործակալներ:
Խորհրդային իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ, 1946-1947-ին մօտաւորապէս 90 հազար սփիւռքահայեր Խորհրդային Հայաստան ներգաղթեցին:
Ներգաղթողներուն բարօր կեանքի պայմաններ խոստացուած էին, բայց անոնք դժուարին եւ դաժան պայմաններ սկսան դիմագրաւել: Անոնց դէմ ալ հալածանքներ սկսան, եւ շատեր Սիպերիա աքսորուեցան:

Կարտինալ Աղաճանեան տեղեկացուց կարտինալ Թիսսերանը, որ նամակներ ստացած է ներգաղթած հայերէն: Աղաճանեան կը գրէր. «Հայաստանէն հասնող նամակները, առաջին ներգաղթողներուն կողմէ, խիստ վշտացնող են: Պայմանաւորուած արտայայտութիւններով` անոնց մեծամասնութիւնը կ՛արտայայտէ դժբախտութեան ու յուսահատութեան զգացումներ, որոնցմով լի են անոնց հեղինակները: Ողջոյններ կը յղուին մեռածներուն, կ՛ըսեն, որ անոնց հանդիպած են հոն, կամ որ շուտով պիտի երթան անոնց մօտ: Այլ անգամներ, կը գրեն, թէ մի՛ գաք Հայաստան, նախքան այսինչին կամ այնինչին հետ ամուսնանալը, եւ կու տան նորածին երեխաներու անուններ: Կամ ալ` մի՛ գաք Հայաստան, առանց ձեզի հետ բերելու հայրիկը կամ մայրիկը, որոնք, սակայն, շատոնց վախճանած ու թաղուած են: Մէկ բան յստակ է, որ ժողովուրդը կարելի չէ զոհաբերել փակ աչքերով եւ երթալ մարմինով ու հոգիով կորսուելու»:
* * *
Կարտինալ Աղաճանեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն էր, պերճախօս լեզուագէտ, որ կը տիրապետէր, իր մայրենի հայերէնէն բացի` իտալերէն, լատիներէն, յունարէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, վրացերէն եւ ռուսերէն լեզուներուն:
Ֆրանսական կառավարութիւնը 1952-ին զայն Պատուոյ լեգէոնի Մեծ Խաչի շքանշանով պատուեց:
Պիոս ԺԲ. պապ 1955-ին կարտինալ Աղաճանեանը նշանակեց Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագրի պատրաստութեան յանձնախումբին նախագահ: 1958-ին պապը անոր վստահեցաւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահի պաշտօնը:

Իբրեւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահ, կարտինալ Աղաճանեան այցելեց տարբեր երկիրներ` աշխարհի չորս ծագերուն:

Այսպէս, Ֆիլիփիններ երթալով ան Մանիլայի մայր տաճարը օծեց: Հնդկաստան երթալով` Մատրասի ու Քանտիի ճեմարաններու ընդարձակումին համար առաջին քարը զետեղեց: Հոնկ Քոնկի մէջ նոր դպրոցի մը բացումը կատարեց: Թայուանի մէջ այցելեց բժիշկներու առաքելավայր մը, որ տեւաբար Չինաստանի կողմէ սպառնալիքի տակ կը գտնուէր: Քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնուող Հարաւային Վիեթնամ երթալով` Սայկոնի Մարեմեան համաժողովին մասնակցեցաւ եւ յետոյ հսկայ թափօրով Լաւանկ մեկնելով ներկաներուն Ամենասուրբ հաղորդութեամբ օրհնութիւն տուաւ եւ նուիրագործեց Վիեթնամը Մարիամի Անարատ Սրտին: Հարաւային Քորէա երթալով` Սէուլի Անարատ Յղութեան Տիրամօր մայր տաճարին մէջ պատարագ մատուցեց եւ բարի կամքի տէր մարդիկը յորդորեց ապրելու Աւետարանին լոյսը: Աւստրալիա երթալով` ան խօսեցաւ համայնավարութեան վտանգին եւ կաթողիկէներու հալածանքներուն մասին: Պանկլատեշ երթալով` Տաքքայի մէջ Պենկալի առաջին եպիսկոպոսը օծեց: Ուկանտա երթալով` Քամփալայի մէջ մասնակցեցաւ ուկանտացի մարտիրոսներու երանացման հանդիսութեան:
Կարտինալ Աղաճանեան, որ «Աւետարանի ճամբորդը» կոչումին արժանացած էր, ո՛ւր որ երթար, ամէն մէկ ծիսակատարութենէ կամ արարողութենէ առաջ սիրոյ այցելութիւններ կը կազմակերպէր: Ան կ՛երթար հիւանդանոցներ, որբանոցներ, բորոտանոցներ, կուրանոցներ եւ բանտեր, կը հանդիպէր ու կը զրուցէր տառապեալներու հետ եւ բոլորին կ՛ըսէր. «Եղէ՛ք Քրիստոսի ձեռքերն ու ոտքերը, բայց յատկապէս եղէ՛ք Քրիստոսի Սիրտը: Եղէ՛ք Քրիստոսի կարեկցանքը»:
***
Պիոս ԺԲ. պապ վախճանեցաւ 9 հոկտեմբեր 1958-ին: Նոր պապի ընտրութեան քոնքլաւը սկսաւ հոկտեմբեր 25-ին:
Ընտրելիներու շարքին էր կարտինալ Աղաճանեան: Սակայն ան լաւ գիտէր, որ աշխարհը տակաւին պատրաստ չէր ոչ իտալացի պապ ունենալու:
Աղաճանեանի պապ ընտրութեան խոչընդոտ էին Վատիկանի բարձրաստիճան հոգեւորականները, ինչպէս նաեւ իտալական յատուկ ծառայութիւնները: Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս ծնած անձերը ռուս կը նկատուէին, եւ խորհրդային իշխանութիւններուն հետ անոնց կապը անհաւանական չէր նկատուեր:
Հոկտեմբեր 28-ին պապ ընտրուեցաւ Վենետիկի պատրիարք կարտինալ Անճելօ Ռոնքալիի, որ առաւ Յովհաննէս ԻԳ. անունը:
Յովհաննէս ԻԳ. պապ 1 փետրուար 1959-ին Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ ըսաւ. «Գիտէ՞ք, որ ձեր կարտինալը եւ ես հաւասար էինք անցեալ հոկտեմբերի ընտրական ժողովին ժամանակ: Մեր անունները փոխն ի փոխ վեր ու վար կը ցատկէին, ինչպէս սիսեռի հատիկները եռացած ջուրի մէջ»:
***
Իբրեւ Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրի պատրաստման կարտինալներու յանձնախումբի եւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահ անհրաժեշտ դարձաւ կարտինալ Աղաճանեանի մնայուն ներկայութիւնը Հռոմ: Հետեւաբար, ան 23 օգոստոս 1962-ին հրաժարեցաւ կաթողիկոս պատրիարքի աթոռէն: Այնուհետեւ ան մնաց Հռոմ, Լեւոնեան վարժարանին մէջ:
Յովհաննէս ԻԳ. պապ վախճանեցաւ 3 յունիս 1963-ին: Նոր պապի ընտրութեան քոնքլաւը սկսաւ յունիս 19-ին: Կարտինալ Աղաճանեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն էր: Այն համոզումը կայ, որ ան պապ ընտրուած է, բայց մերժած է` ինքզինք անարժան նկատելով: Յունիս 21-ին պապ ընտրուեցաւ կարտինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինի, որ առաւ Պօղոս Զ. անունը:
Կարտինալ Աղաճանեան 1962-էն մինչեւ 1965, Վատիկանի տիեզերական Բ. ժողովին գործօն մասնակցութիւն բերաւ եւ եղաւ համակարգող յանձնախումբին չորս անդամներէն մէկը: Նաեւ դարձաւ Առաքելութիւններու հարցերով զբաղող յանձնախումբին նախագահը:
Կարտինալ Աղաճանեան 1966-ին Վատիկանի Բ. ժողովի վճիռներու գործադիր յանձնախումբի անդամ նշանակուեցաւ:
***
Կարտինալ Աղաճանեան 1961-ին, Մատակասքար ուղեւորութեան ժամանակ, երբ օդանաւը Նայրոպի էջք կատարեց, անհանգիստ եղաւ եւ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: Ասիկա առաջին ազդանշանը եղաւ անոր հիւանդութեան:
Պօղոս Զ. պապին հետ Ուկանտա, Նամուկոնկոյի մարտիրոսներու սրբավայր այցելութենէն Հռոմ վերադարձի թռիչքի ժամանակ, 1969 օգոստոսին, կարտինալ Աղաճանեանին ցաւերը սաստկացան: Ան ոտքի կանգնելով` պապին ըսաւ. «Սրբազա՛ն հայր, Ձեզի մեծապէս երախտագէտ եմ այս ճամբորդութեան համար, որ, որոշակի առումով, իմ առաքելագործ կեանքիս թագադրումն է: Ձերդ Սրբութիւնը ինծի աւելի մեծ մխիթարութիւն չէր կրնար տալ` իբրեւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահ իմ առաքելութեան աւարտին»:
Կարտինալ Աղաճանեան 19 հոկտեմբեր 1970-ին հրաժարեցաւ Հաւատքի տարածման ժողովի նախագահի պաշտօնէն:
Քաղցկեղի սուր ցաւերէ տառապող կարտինալ Աղաճանեան 29 յունուար 1971-ին գրեց իր հոգեւոր կտակը. «Կ՛ուզեմ մեռնիլ այնպէս, ինչպէս որ միշտ ջանացած եմ ապրիլ իբրեւ հնազանդ որդին իմ Մօրս` Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցիին, անոր տեսանելի գլուխին եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի փոխանորդին` Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին հետ կատարեալ միութեան մէջ, դաւանելով այն, ինչ ինք կը դաւանի: Ինչպէս նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամի` Ողորմութեան Մօր հետ, որ մայրաբար հսկեց իմ վրաս, որուն բարեխօսութեամբ` հաստատուն վստահութիւնը ունիմ, թէ Տէրը ներած է իմ մեղքերս: Կը մեկնիմ սիրտս բերկրանքով լի` միանալու անոր զաւակներուն հաւատքին»:
Կարտինալ Գրիգոս Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան վախճանեցաւ 16 մայիս 1971-ին, ժամը 22:45-ին, Հռոմի մէջ:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 21 մայիս 1971-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ: Մարմինը ամփոփուեցաւ Սուրբ Նիկողայոս Տոլենտինացի հայկական եկեղեցւոյ մէջ:
Պօղոս Զ. պապ 26 մայիս 1971-ին նորոգ վախճանեալ կարտինալ Աղաճանեանի մասին արտայայտուելով` ըսաւ. «Պատմութիւնը պիտի ըսէ, թէ անոր ի՛նչ են պարտական քրիստոնեայ Հայաստան, կաթողիկէ առաքելութիւնները, Սուրբ Աթոռը եւ ամբողջ եկեղեցին»:
Հռոմի թեմին համար պապական ընդհանուր փոխանորդ կարտինալ Անճելօ Տէ Տոնատիսի 4 փետրուար 2020-ին հրապարակած հռչակագիրով 4 փետրուար 2020-ին սկիզբ առաւ Աստուծոյ Ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատին ուսումնասիրութիւնը:
Կարտինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ 28 հոկտեմբեր 2022-ին, Հռոմի Լատերանի քահանայապետական Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ: