Թարգմանչաց տօնը լոկ պատմական իրադարձութեան մը հպարտ վերյուշը կամ օրացուցային արարողութիւն չէ. անիկա տարուան բոլոր օրերուն ապրելու եւ գործադրելու ազգային-հոգեմտաւոր պատգամ է:
Ե. դարուն Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տեսլականով սկզբնաւորուած Թարգմանչաց շարժումը սոսկ այբուբենի գիւտ կամ թարգմանչական աշխատանք չէր, այլ` հայացման, ինքնութեան կերտման եւ ազգային դիմագիծի պահպանման համազգային սրբազան պայքար: Սուրբ թարգմանիչները, իրենց աննկուն հաւատքով ու զոհողութեամբ, հայ լեզուն դարձուցին այն անառիկ ամրոցը, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը դարերու փոթորիկներուն դիմաց պահեց իր գոյութիւնը:
Այսօր, հայոց գիրերու գիւտէն 16 դար ետք, հայութիւնը ե՛ւ հայրենիքի ե՛ւ սփիւռքի մէջ կանգնած է ճակատագրական մարտահրաւէրներու առջեւ: Համաշխարհայնացման ալիքները, թուային ձուլումը, օտար փառքերու հետեւիլը, ինչպէս նաեւ հայեցի կրթութեան ու մշակոյթին հանդէպ նկատուող անտարբերութիւնը սպառնալիք են ազգային արժէքային համակարգին: Ներկայիս, աւելի քան երբեք, դէմ յանդիման կը գտնուինք մայրենի լեզուն, մշակոյթն ու ազգային աւանդները պահպանելու, ինչպէս նաեւ նորօրեայ «թարգմանիչներ»` հայ ուսուցիչներ, գրողներ, մտաւորականներ եւ ազգային արժէքներով ապրող նոր սերունդ պատրաստելու անհրաժեշտութեան առջեւ: Այս առաքելութեան ճանապարհին Թարգմանչաց տօնի ոգին վերապրեցնող ու շարունակող հիմնական կառոյցը հայ դպրոցն է, որուն անվերապահօրէն նեցուկ կանգնած է Համազգայինը:
Այս տագնապալի պայմաններուն մէջ, իբրեւ միութիւն, չենք կրնար անտարբեր աչքով դիտել առկայ իրականութիւնը: Նորահաս սերունդին զգալի մէկ մասը զանազան պատճառներով, այսօր կը յաճախէ օտար վարժարաններ` ենթակայ դառնալով ձուլման, օտարացման եւ ազգային պատկանելիութեան զգացումի աստիճանական նուազման դաժան սպառնալիքին: Այս իրողութիւնը ընկրկելու պատճառ չէ, այլ հրամայական ազդակ` որդեգրելու նորօրեայ, այժմէական ու նպատակասլաց մօտեցումներ: Համազգայինը բոլորինն է` օտար կամ հայկական վարժարան յաճախող բոլոր հայ փոքրերուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն: Համազգայինի առաքելութիւնն է արդիականացուած ծրագիրներով, գրաւիչ միջոցներով, ինչպէս նաեւ մշակութային ու գեղարուեստական ջերմ մթնոլորտով զարթնեցնել անոնց մէջ հայեցի ինքնութեան հպարտութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ պատանի վերագտնէ ազգային արմատները եւ դառնայ հայ մշակոյթի աշխուժ դերակատար:
Արդ, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի տեսլականով տոգորուած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը անսահման նուիրումով կը շարունակէ իր պատմական առաքելութիւնը: Մշակութային կեդրոնները` «Լեւոն Շանթ»-ն ու «Աղբալեան»-ի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան», իրենց գեղարուեստի դպրոցներով ու մասնագիտացած մասնաճիւղերով հայ պատանիին ու երիտասարդին առջեւ լայն կը բանան հայեցի դաստիարակութեան դռները:
Նկատի ունենալով հայրենիքի շուրջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական ծանր պայմաններն ու սփիւռքեան գաղութներու վերակազմակերպման հրամայականը` հարկ է Թարգմանչաց տօնը դարձնել հայեցի դաստիարակութեան նորօրեայ շարժում, որպէսզի մեր ազգային արժէքներն ու մայրենին հասանելի դառնան նորօրեայ սերունդին:
Տէ՛ր կանգնինք մեր մայրենիին, հաւատարի՛մ մնանք մեր լեզուին ու մշակոյթին, որպէսզի միասնաբար երաշխաւորենք հայ ազգի անսասան յաւերժութիւնը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


