Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շաբաթ Սրբոց Թարգմանչաց տօնն է`  յիշատակը Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին ու բոլոր անոնց, որոնք, աստուածային օժանդակութեամբ, հինգերորդ դարէն սկսեալ իրենց մտքի ու հոգիի լոյսով շքեղօրէն զարդարեցին մեր Եկեղեցւոյ ու հայութեան կեանքը ու ազգային մշակոյթի ճամբով Ոսկեդար կերտեցին:

Այս առթիւ, Հայ եկեղեցին իր սրբազան կամարներուն տակ անգամ մը եւս կը հռչակէ, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի լուսեղէն տեսիլքով ու թարգմանչաց սերունդներու բոլորանուէր աշխատանքով Աստուծոյ անմահական օրհնութիւնը իջաւ հայութեան կեանքէն ներս: Հետեւաբար նուիրական այս առիթով մեր խօսքը նախ կ՛ուղղենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդին` յորդորելով մեր ազգի զաւակները, որ իբրեւ հզօր հաւատք` Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակը կենդանի պահեն, որպէսզի քրիստոնէական ու ազգային անմահ արժէքներով ամրացած` պայծառ ու կանգուն մնայ հայութեան կեանքը:

Արդարեւ, մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն մէջ, այլեւ` մեր տուներէն ներս, պէտք է շարունակենք երկիւղածութեամբ յիշել հայոց այբուբենի գիւտին եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան պատմութիւնները եւ սերունդէ սերունդ հռչակենք, որ թարգմանչաց գործը սուրբ էր, եւ այդ գործին լծակիցները կը մնան յաւէտ օրհնեալ:

Ցարդ ո՛չ հուրը եւ ո՛չ ալ սուրը կրցան մեզ հեռացնել այդ հաւատքով ամրացած մեր ազգային գիտակցութենէն: Ս. Թարգմանչաց աւանդը կը մնայ առյաւէտ, որպէսզի մենք` յանուն մեր քրիստոնէական հաւատքին, յանուն մեր լեզուին ու տոհմային աւանդներուն, այլեւ` յանուն մեր պատմութեան եւ դարաւոր իղձերուն, շարունակենք կենդանի գործով մարտնչիլ ու արարել:

Անկասկած, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, այսօր անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք հայ վարժարանը ու կ՛օրհնենք անոր երդիքին տակ բացուող կրթական նոր տարին` սրտանց աղօթելով, որ վերջ գտնեն մեր կեանքին հետեւող աղէտները, որպէսզի Աստուծոյ բարերար օրհնութեամբ առիթ ունենանք աւելի պայծառ ապրումներով դիտելու հայ դպրոց յաճախող մեր զաւակներուն երթը:

Հայ դպրոցին վերամուտին առիթով արդիականութիւն փնտռող մեր ծնողներուն կը յիշեցնենք, որ սփիւռքեան պայմաններու մէջ հասակ առնող մեր ժողովուրդի զաւակները առաւելաբար կարիքը ունին ինքզինքնին ճանչնալու եւ կարիքը ունին զինուելու սեփական մշակոյթի ու պատմութեան արժէքներով, որոնց ճամբան կը սկսի հայ դպրոցով:

Մեր կեանքի ամէնէն ապահով յենարանը հայ դպրոցն է, որուն ճամբան տակաւին չէ ամայացած: Հետեւաբար, յանուն մեր ինքնութեան պահպանութեան, նուիրումով շրջապատենք հայ դպրոցը, որպէսզի վերընձիւղի ու վերականգնի մեր կեանքը:

Հայ դպրոցը իր տեղն ու կշիռը պէտք է պահէ  մեր կեանքէն ներս: Այլապէս, եթէ հայ դպրոցը աղքատանայ, իրեն հետ կը տանի իրմով պայմանաւորուած մեր համայնական կեանքը: Հետեւաբար դարձեալ կը յիշեցնենք, որ օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը խոտոր կը համեմատի ազգային ապրումներով առաջնորդուող լիբանանահայ մեր կեանքին հետ:

Վստահաբար Թարգմանչաց տօնը նաեւ պատեհութիւնը կը ստեղծէ կոչ ուղղելու մեր ժողովուրդին, որ բարոյապէս, նիւթապէս ու գործնական աջակցութեամբ զօրակցի հայ դպրոցին, որպէսզի, մասնաւորաբար` այս օրերու ծանր պայմաններուն մէջ,  հայ դպրոցն ալ կարենայ խանդավառ գործունէութեամբ ու բեղուն արդիւնքով շարունակել իր նուիրական առաքելութիւնը: Անկասկած հայ դպրոցը այսօր պէտք ունի տաղանդաւոր ու նուիրեալ մշակներու, հայ կրթութեան վսեմ գործին աջակցող առատաձեռն բարերարներու, հայութեան ճամբաներէն հաւատարմութեամբ քալող ծնողներու եւ ուսման հետամուտ փայլուն աշակերտներու:

Հայ դպրոցը նաեւ պէտք ունի իր արձանագրած յաջողութիւնները նշմարող  ու գնահատող ջատագովներու: Արդարեւ, հակառակ բոլոր թերութիւններուն ու դժուարութեանց, պէտք չէ թերագնահատենք հայ դպրոցին աշխատանքը, այլ մեր ինքնութեան ուրուագիծը անոր մէջ տեսնելով` պէտք է ջանանք զօրակցիլ հայ դպրոցին ու ձգտինք արդիականացնել անոր գործունէութիւնը: Մասնաւորապէս պէտք է զգանք, որ մենք ենք տէրը մեր դպրոցներուն ու մենք մեր նուիրումովն ու մասնակցութեամբը պէտք է պահենք ու պաշտպանենք զայն, պատուելու համար թարգմանչաց նուիրական յիշատակն ու ապահովելու համար մեր կեանքին հայադրոշմ ընթացքը:

Այս առթիւ կ՛օրհնենք` հայ վարժարանը, մեր աշակերտներն ու իրենց ծնողները, մեր դաստիարակները, մեր բարերարներն ու հայ դպրոցին բարեկամները, մաղթելով, որ լիբանանահայ կրթական ժառանգութիւնը առաւել եւս պտղաբերի  ու հարստանայ:

Եւ վերջապէս, փառք տանք Աստուծոյ, որ իր զօրութեամբ միշտ կը պահպանէ մեր կեանքը եւ առիթ կ՛ընծայէ, որ մեր հաւատքովն ու աշխատանքովը շրջանցենք մեզ շրջապատող տագնապները ու մեր կեանքէն ներս գոյացած աւերածութիւնները դարմանելով` վերականգնենք մեր վիճակը ու լաւատեսութեան հոգին պարզենք ամէն տեղ:

Աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

Նախորդը

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

RelatedPosts

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
Մեսրոպեան Շունչը  Տէր Զօրի Աւազներէն Պազել
Անդրադարձ

Մեսրոպեան Շունչը Տէր Զօրի Աւազներէն Պազել

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.