Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կը Զգուշացնէ`. Կրնանք Նախագահի Ընտրութեան Եւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Խնդիրներուն Առջեւ Կանգնիլ

Սեպտեմբեր 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ախպար» օրաթերթը կը գրէ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դարձեալ պաշտպանած է իր տեսակէտը երկխօսութեան վերաբերեալ, որուն կը հրաւիրէ` մեկնելով անկէ, որ անիկա միայն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կը յանգեցնէ:

Ան յիշեցուցած է 31 օգոստոսին իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներու անհետացման յիշատակի նշման ընթացքին իր ըսածը եւ այն նորութիւնը, որ երկխօսութեան իր կոչին վրայ աւելցուցած է:

Պըրրի իր այցելուներուն ըսած է. «Անոնց ուշադրութիւնը չգրաւեց, որ նախաձեռնութիւնս բարեփոխեցի: Երկխօսութեան համար քանի մը օր կը հաւաքուինք, նախապէս եօթը օր ըսած էի: Քանի մը օր կը նշանակէ նուազ քան հինգ օր: Ըսի, թէ երկխօսութենէն ետք (խորհրդարանի) մէկ նիստ կը հրաւիրեմ իրերայաջորդ փուլերով, մինչեւ որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, եւ (ժողովասրահէն) դուրս կու գանք միայն անոր ընտրութենէն ետք, երբ նախապէս խօսած էի իրերայաջորդ փուլերով նիստերու մասին: Չեն ուզեր կարդալ»:

Խորհրդարանի նախագահը յանգած է այն եզրակացութեան, որ երեսփոխանական պլոքներուն մեծամասնութիւնը համաձայն դարձած է երկխօսութեան եւ անոր մասնակցելուն, բացի զայն մերժող խումբի մը` ակնարկելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան:

«Ախպար» կը գրէ. «Բայց եւ այնպէս խորհրդարանի նախագահը չ՛ուզեր կատարել երկխօսութիւն մը, որուն այդ խումբը չի միանար: Ան զարմանք կը յայտնէ, որ երկխօսութեան իր հրաւէրը կը նկատուի մտահոգիչ անգիր օրէնք մը, եւ կ՛ըսէ. «Երբեք չլսեցի մէկը, որ կ՛ըսէ, թէ երկխօսութիւնը սահմանադրութիւնը կը խախտէ կամ զայն կը բարեփոխէ»:

Օրաթերթը կը գրէ, որ Պըրրի իր նկատումները եզրափակելով կը նշէ, թէ նախագահի մօտալուտ ընտրութիւն չկայ, եւ այս իրողութիւնը մտածել կու տայ, թէ անիկա անծանօթ ժամանակով յետաձգուած է: Անոր խոչընդոտման պատճառներուն կէսը ներքին է` պառակտումին պատճառով, միւս կէսն ալ արտաքին է, արտաքին ուժերու աւելի կարեւոր շրջանային ու միջազգային խնդիրներով զբաղելնուն պատճառով ներկայիս այս հարցով հետաքրքրուած չըլլալնուն հետեւանքով:

Պատասխանելով նախագահական աթոռի եռամեայ դատարկութեան մէկուկէս տարի ետք նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումին` Պըրրի ըսած է. «Տա՛յ Աստուած, այդ խնդիրին չհասնինք: Պիտի կանգնինք նոր խնդիրի առջեւ, որ ընտրական օրէնքն է, որուն ուզողները կան եւ չուզողները, եւ կարիքը կայ զայն վերատեսութեան ենթարկելու: Ուժի մէջ եղող օրէնքը գործադրելի չէ, որովհետեւ պարտաւորուած ենք արտերկիրի համար ընտրելու վեց երեսփոխաններ, որոնք տակաւին չեն ճշդուած, եւ համայնքներու ու ցամաքամասերու վրայ անոնց բաժանումը չէ եղած»

 

Նախորդը

Ըստ Քուէյթեան «Ժարիտա» Օրաթերթին. Ամերիկացի Պաշտօնատարներ Առաջարկած Են Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Տարածքներու Փոխանակում Կատարել

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Իսրայէլ Միջնորդներու Ճամբով Մեզի Ուղղեց Պատգամ Մը, Թէ Լիբանանի Մէջ Զինադադարով Հետաքրքրուած Չէ»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?