Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Քուէյթեան «Ժարիտա» Օրաթերթին. Ամերիկացի Պաշտօնատարներ Առաջարկած Են Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Տարածքներու Փոխանակում Կատարել

September 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իր աղբիւրներէն տեղեկացած է, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ վերջերս գումարուած առցանց ժողովի մը ընթացքին Հըզպալլայի ու Թել Աւիւի միջեւ բախումներուն վերջ տուող եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ ցամաքային թղթածրարի շուրջ տագնապը վերջնականապէս փակող համապարփակ լուծումի մը ծիրին մէջ իրենց իսրայէլացի պաշտօնակիցներուն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ տարածքներու փոխանակում առաջարկած են:

Քուէյթեան օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան կողմը Լիբանանի յատկացուած ժողովի ընթացքին կրկնած է Հըզպալլայի մարտիկներու սահմանէն 10 քիլոմեթր հեռանալու իր հիմնական պահանջը, որ մինչեւ օրս կը մերժուի կուսակցութեան կողմէ:

Անոր կողքին Ուաշինկթընի դիւանագիտական լուծման առաջարկին մէջ երկու առկախ հարցեր ի յայտ եկած են, առաջինը` ցամաքային վերջին կէտն ու ծովու ուղղութեամբ առաջին կէտն է, որ «Պի1 կէտ» կը կոչուի, եւ որուն լուծումը 2022-ին ծովային սահմաններու սահմանագծումէն ի վեր յետաձգուած է:

Ըստ տեղեկութիւններուն, այս կէտին շուրջ կ՛առաջարկուի ընդունիլ անոր լիբանանեան պատկանելիութիւնը` իբրեւ երաշխաւոր կողմ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն տեղակայումով: Իսկ երկրորդ կէտը Միսքաֆ Ամ բնակեցման վայրին մէջ լիբանանեան հողերուն նկատմամբ իսրայէլեան աշխարհագրական ու շինարարական ոտնձգութիւնն է: Այս պարագային ամերիկացիները շրջանառութեան մէջ դրած են կարելիութիւնը տարածքներու փոխանակումի մը, որ բնակեցման վայրի առանձնայատկութիւնները չի փոխեր, որուն դիմաց Լիբանան իսրայէլեան կողմէն կը ստանայ ոտնձգութեան ենթարկուած իր տարածքին կրկնապատիկը եղող տարածք մը, իսկ Մազարեհ Շեպաայի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Ղաժար գիւղի հիւսիսային բաժինի հարցը կը յետաձգուի այլ փուլի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըրրի Կը Զգուշացնէ`. Կրնանք Նախագահի Ընտրութեան Եւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Խնդիրներուն Առջեւ Կանգնիլ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.